Լիբանանահայ Լրատուադաշտի Ներկայացուցիչներու Խորհրդակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով` Հայաստանի դեսպանատան մէջ` երէկ, յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ մամուլի եւ ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններու եւ գլխաւոր խմբագիրներու հետ: Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանութեան Գ. քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեան եւ ռազմական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։
Խորհրդակցութեան օրակարգը կը վերաբերէր Հայաստան-սփիւռք տեղեկատուական հարթութեան վրայ համագործակցութեան նոր ուղիներուն եւ համահայկական օրակարգերու ձեւաւորման առընթեր հայկական լրատուամիջոցներու համարժէք արձագանգումներու առաջադրանքին: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նման ձեւաչափով խորհրդակցութիւնները շարունակելու:
