0դատիեզերական Ոլորտի Աշխարհի Առաջատարներէն THALES-ի Պատուիրակութիւնը Հայաստան Այցելեց
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով, օդատիեզերական (aerospatial) ոլորտի աշխարհի առաջատար ընկերութիւններէն մէկուն՝ ֆրանսական THALES-ի պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր ընկերութեան փոխնախագահ, տարածաշրջանային տնօրէն Փօլ Ռեմի, 26 Փետրուարին ժամանեց Հայաստան:
Նշենք, որ սոյն այցելութիւնը պատահական չէ. անցեալ ամիսներուն Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շարք մը հանդիպումներ ունեցած էր ընկերութեան ղեկավար կազմին հետ, նաեւ այցելած էր ընկերութեան թուային արտադրամասը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Փետրուարին, Փարիզի մէջ, ուր նախագահ Սարգսեան ընկերութեան պատուիրակութեան ղեկավար կազմին, յատկապէս THALES-ի փոխնախագահ Ռաֆայէլ Էսքինազիի հետ քննարկումներ ունեցած էր նախապէս գոյացած համաձայնութիւնները Հայաստանի մէջ գործնական հիմքերու վրայ դնելու համար:
Հայաստան այցելութեան շրջանակին մէջ, Փօլ Ռեմի հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, այցելեց «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութիւնը, ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը եւ «PicsArt» ընկերութիւնը:
Այս այցելութիւնը լուրջ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ՝ իրարու կապելու աշխարհի առաջատար նոր արհեստագիտութիւնները, այն հմտութիւնները եւ որակները, զորս ունին Հայաստանն ու հայ մասնագէտները:
