Չինական Ընկերութիւնը Կ՛ուզէ Մասնակցել Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան Մարտ 4-ին ընդունեց չինական «ԱՒԻԿ» ընկերութեան պատուիրակութիւնը՝ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գլխաւոր ներկայացուցիչ Սին Մենի գլխաւորութեամբ:

Սին Մեն փոխվարչապետին ներկայացուց ընկերութեան գործունէութիւնը՝ ճանապարհաշինութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախագծման ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրենց հետաքրքրող ոլորտները:

Զրուցակիցները քննարկեցին Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի հարաւային հատուածի կառուցման վերաբերեալ հարցեր: Փոխվարչապետը նշեց, որ Հիւսիս-Հարաւ ծրագիրին իրականացումը կը մնայ Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին:

Սին Մեն յայտնեց, որ, նկատի ունենալով իրենց ընկերութեան ունեցած մեծ փորձառութիւնը ճանապարհաշինութեան ոլորտին մէջ, յատկապէս լեռնային գօտիներու մէջ փապուղիներ եւ կամուրջներ կառուցելու առումով, իրենք կը փափաքին մասնակցութիւն ունենալ մայրուղիի հարաւային հատուածի կառուցման, ինչպէս նաեւ պատրաստ են այդ նպատակով արտօնեալ պայմաններով չինական վարկային եւ դրամաշնորհային միջոցներ ներգրաւել: