Պրազիլական Դիմակահանդէսին Նեկայացուած է Նաեւ Հայաստանը

Աշխարհ, Սփիւռք

Պրազիլի «Rosas de Ouro» սամպայի դպրոցը Մարտ 2-ին Սան Փաուլոյի մէջ տեղի ունեցած դիմակահանդէսի ժամանակ ներկայացուցած է Հայաստանը` «Կեցցէ՛ Հայաստանը» կարգախօսով:

Շքերթը բաղկացած եղած է տարբեր մասերէ` դրախտ, հայկական հերոսներ, քրիստոնէութիւն, մշակոյթ, հայկական հրապարակ, կը փոխանցէ Panorama.am-ը:

Ներկայացուած է հայերէն գիրերը, գորգերը եւ նոյնիսկ Շառլ Ազնաւուրը։

Հայաստանին նուիրուած շքերթը դիտեցէք տեսանիւթի 39-րդ վայրկեանէն։