
Իրանի Անվտանգութեան Ուժերը Ձերբակալած են Նիկոլ Փաշինեանի Այցէն Զայրացած Իրանաբնակ Մօտ 30 Ատրպէյճանցի
Իրանի անվտանգութեան ուժերը ձերբակալած են երկրին մէջ բնակող 29 ատրպէյճանցի, որոնց զայրացուցած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցը Իրան, անոր ջերմ ընդունելութիւնը, ինչպէս նաեւ Թեհրանի «Արարատ» ակումբին մէջ հայկական համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ «Արցախը Հայաստանն է, եւ վերջ»՛ գրութեամբ պաստառին առջեւ կատարուած սելֆին:
ինչպէս կը յայտնէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով minval.az-ը, Մարտ 2-ին անվատանգութեան ուժերը աշխատավայրի մէջ ձերբակալած էին աքթիւիստ Եուսիֆ Սալահշուրը: Իսկ Մարտ 1-ին ֆութպոլային հանդիպումէ ետք մարզադաշտէն դուրս գալու ատեն ձերբակալուած էր 28 ատրպէյճանցի:
Թաւրիզի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած «Թրակթորսազ»-ի խումբի ատրպէյճանցի համակիրները ամբողջ խաղի ընթացքին ոչ միայն Արցախի պատկանելիութեան մասին կարգախօսներ վանկարկած էին, այլեւ այրած էին Հայաստանի դրօշը:
Իրանի մէջ բնակող ատրպէյճանցիները ոչ միայն քննադատած էին Իրանի իշխանութիւնները՝ ՀՀ վարչապետը, ինչպէս իրենք նշած են, «Խոճալուի ցեղասպանութեան տարելիցին» Իրան հրաւիրելու համար, այլեւ մեղադրած «ատրպէյճանական հողերու գրաւման» աջակցելու համար: