Վարդանանցի Յիշատակումը Մեկնակէտ Սկաուտի Օրուան Տօնակատարութեան

Սփիւռք

«Սկաուտի Օր»ը ամէն տարի կը յիշատակուի յատուկ հանդիսութեամբ։ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը ըլլալով աւանդապահ եւ կառչած մնալով հայու իր խառնուածքին, «Սկաուտի օրուան» տուած է հայեցի դիմագիծ եւ Ս. Գէորգը փոխարինած է Սուրբ Վարդանով։ Այս տօնը կը զուգադիպի նաեւ սկաուտութեան հիմնադիր Պէյտըն Փաուըլի ծննդեան տարեդարձին։ Այս տարի եւս Կիրակի, 17 Փետրուար 2019»-ին Ազգ. Սահակեան վարժարանի մէջ կիսօրեայ գործունէութեամբ տեղի ունեցաւ «Սկաուտի Օր»ը մասնակցութեամբ «Շ. Քրիսեան» արի-արենուշ միաւորի եւ «Յ. Հինդլեան» երէց-պարման միաւորին։ Օրուան հերթապահին հաւաքումի սուլիչով բոլոր խումբերը իրենց շարքերը կազմեցին: Յատագիրը սկսաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։Ապա տեղի ունեցաւ խմբակային բաժանում: Ներկաները բաժնուեցան տասը խումբերու, իւրաքանչիւր խումբ կրեց վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականի մը անունը։ Խումբերը կատարեցին սկաուտական կարգապահական վարժութիւներ եւ շուէտական մարզանք։ Օրուան ընթացքին Շրջ. նախկին խմբապետուհի Նայիրի Զագոյեան դասախօսեց «ՀՄԸՄ- ի Նպատակը»ին մասին, մասնակցիները սորվեցան Շահանդուխտի«Ձօն ՀՄԸՄ-ի» երգը, խաղցան դաշտային սկաուտական խաղեր եւ պատրաստեցին պատի թերթեր։ Մասնակիցները ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ընկերակցութեամբ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ խրոխտ քայլերով տողանցեցին, ապա Սկ. Խորհուրդին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն։ Յայտագիրը վերջ գտաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։ Աւարտին ներկաները ստացան սկաուտական տետրակներ։ ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի Սկաուտներն ալ որպէս հարազատ զաւակներ առաջին քրիստոնեայ պետութեան իմացեալ անմահութեամբ կու գան միանալու վարդանանց լուսեղէն իտէալին եւ ազատատենչ ոգիին՝ հաւատարիմ մնալով քրիստոնէական սուրբ հաւատքին, եւ ՀՄԸՄ-ի նպատակին։

Հալէպ Մսնճղ.ի Սկ. Խորհուրդ