Եւրոխորհրդարանի Մէջ Պիտի Իրականացուի Հայատեացութեան Թեմայով Համաժողով. Ելոյթ Պիտի Ունենայ Նաեւ Արցախի ՄԻՊ-ը

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Մարտ 6-ին, պիտի իրականացուի «Հայատեացութիւն. Պատմական եւ արդի դրսեւորումները» խորագիրով համաժողով: Անիկա պիտի իրականացուի ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին եւ Թուֆենկեան հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ: Համաժողովը կը հիւրընկալէ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Էլենի Տէոխարիուսը: ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Յարութ Շիրինեան, Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ հիմնական զեկուցողներն են թուրք մտաւորական, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքօլուն, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը, Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը, էջատէր Ալեքսանդր Լափշինը, լեհ հայագէտ Եագուպ Օշիեցքին:

«Համաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին հայատեացութեան տարբեր դրսեւորումները, անոնց հետ փոխկապակցուած հարցերը: Այսինքն՝ զեկոյցներով, քննարկումներով պիտի տրուի հայատեացութեան վերաբերեալ համապարփակ պատկերացում: Ինչպէս գիտենք, հայատեացութեան դրսեւորումներ կան Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ մէջ: Փաստօրէն, այդ քաղաքականութիւնը պատմական անցեալի մէջ չէ մնացած, ներկայիս ալ մենք պարբերաբար կ՝առերեսուինք այդ խնդիրին: Ահա այս համաժողովը շատ լաւ առիթ է, որ եւրոպական կարեւոր այս կառոյցին մէջ բարձրաձայնուին հայատեացութեան վերաբերեալ հարցերը եւ քննարկուին անոնց դէմ պայքարի ուղիները»,- ըսած է Յարութ Շիրինեան:

Համաժողովին պիտի մասնակցին Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ, հասարակական գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Յարութ Շիրինեան համոզուած է, որ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ նկատմամբ յայտեացութեան քաղաքականութեան մասին պէտք է տեղեկացուած ըլլայ միջազգային հանրութեան աւելի լայն շրջանակ:

«Չմոռնանք, որ հայատեացութեան այն դրսեւորումները, որոնց ականտեսը կ՝ըլլանք, տեղի կ՝ունենան Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն առաջնորդութեամբ: Ատրպէյճանի մէջ, տարիներ շարունակ, դպրոցներէն ու մանկապարտէզներէն սկսեալ՝ հայերու նկատմամբ ատելութիւն կը սերմանուի, վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ հայկական որոշ դպրոցներու վրայ թրքական դրօշներ, Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ պատերուն ատելութեան խօսք ընդգրկող հակահայ գրութիւններ յայտնուեցան եւ այլն: Այս ցանկը անվերջ կարելի է շարունակել: Մեր նպատակն է բարձրացնել այս հարցը միջազգային հաստատութիւններու մէջ, որպէսզի նախ եւ առաջ տեղեակ ըլլան, թէ ինչի մասին է խօսքը, հասկնան, թէ այս ամէնը շարունակուելու պարագային ինչ հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել, եւ ի վերջոյ, որ իրենց դատողութիւնները ճիշդ տեղեկութեան վրայ հիմնուած ըլլան»,- ըսած է Յարութ Շիրինեան:

Համաժողովի հիմնական զեկուցողներէն՝ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան՝ իր հերթին նշած է, որ ինքը եւ Ռուբէն Մելիքեանը պիտի ներկայացնեն ամբողջութեամբ փաստերու վրայ հիմնուած տեղեկութիւն: Ներկաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու 2018 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին կողմէ հրապարակուած հայատեացութեան զեկոյցի բովանդակութեան: Բացի այդ, պիտի ներկայացուին ապրիլեան պատերազմի ժամանակ արձանագրուած հայատեացութեան դրսեւորումները:

«Ամբողջ փաստերը հաւաքագրուած են եւ մէկտեղուած են զեկոյցներու մէջ: Համաժողովի մասնակիցներուն պիտի ներկայացուի, թէ ինչպիսի քաղաքականութիւն կը վարէ Ատրպէյճանը: Օրինակ, դպրոցներու, մանկապարտէզներու մէջ հայատեացութեան համատարած քարոզը: Այն, որ Ատրպէյճանի ամենաբարձր պաշտօնեաներու ելոյթներուն մէջ կարմիր գիծով կ՝անցնի հայատեացութեան քաղաքականութիւնը: Այս թեզը առաջ կը տարուի՝ բոլոր հայերը թշնամիներ են, հայ սպաննելը հերոսութիւն է»,- ըսած է Արտակ Բեգլարեան: Անոր խօսքով, հայատեացութեան յստակ օրինակ են 2016 թուականի ապրիլեան իրադարձութիւնները, ատրպէյճանցի զինուորականներու վայրագութիւնները, գլխատման դէպքերը, քաղաքացիական անձերու խոշտանգումները, հայկական դպրոցները թիրախաւորելը: Այդ բոլորէն ետք, յստակ ռազմական յանցագործութիւններ կատարած անձերուն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ պարգեւատրելը, անոնց հերոսացնելը եւ այլն:

«Բացի փաստերէն, պիտի ներկայացնեք յայտեացութեան քաղաքականութեան հիմքերը, անոր հետեւանքներ, հաւանական վտանգները: Նման քննարկումները շատ կարեւոր են, եւրոպացի գործընկերները պէտք է փաստերով տեսնեն, թէ Ատրպէյճանը ինչ քաղաքականութիւն կը վարէ: Ներքին զրոյցներու մէջ անոնք եւս կարեւոր կը համարեն նման զեկոյցներու պատրաստումն ու հրապարակումը»,- նշած է Արտակ Բեգլարեան: