Սումգայիթեան Յանցագործութիւնը Վաղեմութեան Ժամկէտ Չունի. Նախագահ Սարգսեան Յարգած Է Ողբերգութեան Զոհերուն Յիշատակը
Նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր այցելած է Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` ոգեկոչելու Սումգայիթի ողբերգական դէպքերու անմեղ զոհերուն յիշատակը: Նախագահը ծաղկեպսակ դրած է զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ:
«Այսօր համայն հայութեամբ կը յիշենք 1988 թուականի Փետրուար 27-28-ի ոճրագործութիւնները: Ի պատասխան Արցախի հայ բնակչութեան խաղաղ ցոյցերուն, որոնք կ՛իրականացնէին ինքնորոշման իրենց իրաւունքը, Խորհրդային Ատրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքին մէջ զանգուածային արիւնոտ հաշուեյարդար կազմակերպուեցաւ հայերու դէմ:
«Ազգային թշնամանքի հողի վրայ մեր հարիւրաւոր հայրենակիցներ սպաննուեցան, միւսները ենթարկուեցան դաժան բռնութիւններու ու վայրագութիւններու, բռնի տեղահանուեցան իրենց բնակավայրէն»,-նշած է նախագահ Սարգսեան` աւելցնելով. «Սումգայիթեան յանցագործութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չունի, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ այդ ահաւոր յանցագործութիւնը խստօրէն դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ, արժանանայ ճանաչման ու ճիշդ գնահատականի»:
Հանրապետութեան նախագահը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ անմար կրակի մօտ յարգանքի տուրք մատուցած է նաեւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:

