Բակօ Սահակեան ու Արթուր Վանեցեան Այցելած են Արցախա-ատրպէյճանական Սահմանագիծի Հարաւային Հատուած
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 27-ին ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի հետ միասին այցելած է արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի հարաւային հատուած, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին, կը հաղորդէ Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Այնուհետեւ նախագահը աշխատանքային խորհրդակցութեան հրաւիրած է բանակաշինութեան շարք մը խնդիրներու շուրջ եւ յստակ յանձնարարականներ տուած շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:
Նախագահին կ՛ուղեկցէին պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, ԱԱԾ տնօրէն Սամուէլ Շահրամանեան, պաշտօնատար այլ անձիք:
