Նիկոլ Փաշինեան Իր Կուսակցութեան Ծրագիրին Մէջ Էական Փոփոխութիւններու Անհրաժեշտութիւն Կը Տեսնէ

Հայաստան

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ծրագիրը էական փոփոխութիւններու կարիքը ունի, նկատի ունենալով, որ նախապէս ամրագրուած ծրագրային դրոյթներուն 70 տոկոսը իրականութիւն դարձած է։ Այս մասին յայտարարեց վարչապետ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ, «Իմ Քայլը» դաշինքի նախընտրական ցանկը գլխաւորած Նիկոլ Փաշինեան՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան չորրորդ (աշխատանքային) համաժողովի բացման ընթացքին:

«Կուսակցութեան ծրագրի հետ, որ մենք ընդունած ենք 2013թ., տեղի ունեցած է մեր իրականութեան համար բացառիկ բան մը. կուսակցութեան ծրագիրը էական փոփոխութիւններու կարիք ունի ոչ թէ այն պատճառով, որ այդ ըսելիքը այլեւս անիմաստ դարձած է, այլ այն պատճառով, որ ըսելիքի 70 տոկոսը դարձած է իրականութիւն»,- ընդգծեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը պէտք է մտածէ յաջորդ քայլին մասին:

Ան շեշտեց, որ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան մէջ կան առանցքային յենասիւներ, որոնք անփոփոխ են եւ տեղ գտած են նաեւ «Իմ Քայլը» դաշինքի նախընտրական ծրագիրին եւ կառավարութեան ծրագիրին մէջ։ ««Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան իւրաքանչիւր անդամ պէտք է ընդունի, որ անհատի վերափոխումը հանրային վերափոխման կարեւորագոյն միջոց է»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Ամենակարեւոր գործը օգնելն է շարքային քաղաքացիին, որ հաւատայ իր ընելիքին։ Մենք պէտք է ըլլանք վճռական, որովհետեւ պէտք է գործ ունենանք այն քաղաքացիին հետ, որ ինքն իրեն չի հաւատար, մենք այդ քաղաքացիի աչքերուն մէջ պէտք է նայինք, այդ քաղաքացին պէտք է սիրենք եւ սիրելով ստիպենք, որ ինքն իրեն հաւատայ, իր ուժին հաւատայ»:

Ան արձանագրեց, որ Հայաստանի 2018-ի քաղաքական յեղափոխութիւնը կատարուած է այդ եղանակով, եւ շեշտեց, որ նոյն եղանակով պիտի կատարեն տնտեսական յեղափոխութիւնը: «Մենք այս յեղափոխութիւնը ըրինք, որովհետեւ 500 հազար մարդ, 1 միլիոն մարդ ինքզինք համարեց յեղափոխութեան առաջնորդ»,- շեշտեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի քաղաքական յեղափոխութեան ճակատագիրը որոշեց քաղաքացին, եւ տնտեսական յեղափոխութեան ճակատագիրը դարձեալ պէտք է որոշէ քաղաքացին:

Դիմելով համաժողովին մասնակցողներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան նկատել տուաւ, որ իրենցմէ շատերը արդէն պետական պաշտօնեայ են, եւ համաժողովի մասնակցողներէն իւրաքանչիւրին առաքելութիւնը Հայաստանի քաղաքացիները չհիասթափեցնելն է։