
ՀՀ Վարչապը Մեկնած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն
Քիչ առաջ Թեհրանի «Մեհրապատ» օդակայանին մէջ վայրէջք կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան օդանաւը:
Ըստ Yerkir.am-ի՝ օդակայանին մէջ, ՀՀ վարչապետը դիմաւորած է Իրանի ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արդաքանիանը:
Ներկայ եղած են նաեւ Իրանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան եւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Սուրիկ Աբնուսեան:
Արարողութեան աւարտէն ետք՝ ՀՀ վարչապետն ու անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը ուղեւորուած են «Սաատպատ» մշակութային համալիր, ուր քիչ անց տեղի պիտի ունենայ անոր դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: