
Արցախի Ջատագովում Արիզոնայի Մայրաքաղաքին Մէջ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ անոր Արիզոնայի մասնաճիւղը համագործակցաբար դիմած էին Արիզոնայի հայ համայնքը քաղաքականապէս աշխուժացնելու եւ նոյն ժամանակ Արցախը ջատագովելու եռօրեայ նախաձեռնութեան մը, որ տեղի ունեցաւ 16-18 Փետրուար երկար շաբաթավերջին:
«Արիզոնայի հայ համայնքին ջանքերով արդէն իսկ կարելի եղած էր նահանգին քաղաքական կեդրոնին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը հաստատել։ Համայնքը յաջողութեամբ դէմ կրցած է դնել Ատրպէյճանի շարունակական ապատեղեկատուական արշաւներուն եւ այս նախաձեռնութիւններով աւելիով աշխուժացած՝ պիտի շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ, իբրեւ հայութեան իրաւունքները պաշտպանող Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին մէկ մասնիկը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Արդարեւ, 18 Փետրուարին, Հայ Դատի եւ նահանգի հայութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Միացալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան Արիզոնայի նահանգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ շարք մը հանդիպումներ ունեցան Արցախը ջատագովելով, Արցախի տագնապին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելով եւ հայութիւնը յուզող շարք մը այլ հարցեր քննարկելով։
Ապա, նահանգային Ծերակոյտի ժողովին ընթացքին, ծերակուտական Փօլ Պոյըր պաշտօնապէս ներկայացուց Արցախի ներկայացուցիչ Ռապըրթ Աւետիսեանը, դրուատելով Ատրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներուն եւ բռնարարքներուն դէմ ազատ, ժողովրդավար եւ տնտեսապէս աշխոյժ երկիր մը կերտելու Արցախի ժողովուրդին ջանքերը:

Ձախէն աջ՝ համայնքային գործիչ Հրաչ Փանոսեան, Ռիճինա Քապ, Փենի Փիւ (քոնկրեսական Փօլ Կասըրի ներկայացուցիչ), Երուանդ Պալթաճեան, համայնքային գործիչ Սոֆիա Պոյաճեան, Սիմոն Մաղաքեան, Ռապըրթ Աւետիսեան եւ Էնճըլա Հէյզըլ
Ապա, Աւետիսեան եւ Արիզոնայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Էնճըլա Հէյզըլ, վարչութեան անդամ Երուանդ Պալթաճեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային համակարգող Սիմոն Մաղաքեան պաշտօնապէս ներկայացուեցան նահանգային խորհրդարանին մէջ, Ռիճինա Քապի կողմէ։
Մինչ այդ, 16 եւ 17 Փետրուարին, յաջորդաբար Ֆինիքսի Հայ կեդրոնին մէջ եւ Սքաթցտէյլի Ս. Աբգար եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանրային հաւաքներ, որոնց ընթացքին նախ ելոյթներ ունեցան Հայ Դատի ներկայացուցիչները եւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռապըրթ Աւետիսեան, որմէ ետք անոնք պատասխանեցին շարք մը հարցումներու։
Ծերակոյտի նշեալ նիստէն հատուած մը դիտելու համար այցելել www.youtube.com/watch?v=7JH905nufZo կայքէջը։