
Ատրպէյճանի Կողմէ Հայկական Յուշարձաններու Ոչնչացումը կը Գերազանցէ «Իսլամական Պետութեան» Յանցագործութիւնները
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան
«Նորարարական փորձագիտական զեկոյցը կ՝ընթանայ Ատրպէյճանի կողմէ 89 միջնադարեան եկեղեցիներու, 5480 նրբազարդ խաչքարերու եւ 22700 գերեզմանաքարերու ոչնչացման հետքերով». ասիկա Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սառա Փիքմանի աներեւակայելի յօդուածի ենթավերնագիրն է, որ անցեալ շաբաթ հրապարակուած է Hyperallergic ամսագրին մէջ։ Իսկ յօդուածի վերնագիրն է՝ «Վարչակարգը կը թաքցնէ բնիկ հայոց մշակոյթի աւերումը»։
2011 Ապրիլին, երբ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպանը ուզեց այցելել Նախիջեւան՝ հայկական տարածք մը, որ խորհրդային իշխանութեան կողմէ կը դասակարգուէր իբրեւ Ատրպէյճանի «ինքնավար հանրապետութիւն»՝ հազարաւոր պատմական միջնադարեան հայկական խաչքարերու ոչնչացման փաստը ստուգելու համար, ատրպէյճանցի պաշտօնեաները անոր արգիլեցին՝ ըսելով, որ անոնց ոչնչացման մասին զեկոյցները կեղծ լուրեր են։
Ատրպէյճանական ճնշումներու տակ Նախիջեւանի հնագոյն հայ համայնքը վերացաւ… Չբաւարարուելով ցեղական զտումներով, ատրպէյճանցիները ջնջեցին հայկական յուշարձաններու բոլոր հետքերը՝ պնդելով, որ ոեւէ մէկ հայ երբեք չէ ապրած Նախիջեւանի մէջ։
2005 Դեկտեմբերին, Իրանի սահմանապահ ծառայութենէն Հիւսիսային Իրանի հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդը զգուշացուցին, որ Ատրպէյճանի մէջ Ջուղայի հսկայական գերեզմանատունը, որ տեսանելի է Ատրպէյճանի հետ սահմանէն, ռազմական յարձակման տակ է։ Եպիսկոպոս Նշան Թօփուզեան եւ անոր վարորդը շտապեցին տեսագրել հարիւրէ աւելի ատրպէյճանցի զինուորներ, որոնք սպառազինուած մեծ մուրճերով, բեռնատարներով եւ ամբարձիչ կռունկներով, կ՝ոչնչացնէին գերեզմանատան մնացած 2000 խաչքարերը, իսկ հազարէն աւելի խաչքարեր արդէն վերացուած էին 1998 եւ 2002 թուականներուն», տեղեկացուցած են Մաղաքեանն ու Փիքմանը։
Հարթեցուած տարածքը, ուր դարեր շարունակ կանգուն էին հայկական խաչքարերը, այժմ վերածուած է ռազմական հրաձգարանի։ «Աւերումը «մեծ աւարտն» էր Նախիջեւանի հայկական անցեալի», գրած են երկու հեղինակները։
Մաղաքեանը եւ Փիքմանը հաղորդած են, որ «Գիտութեան զարգացման ամերիկեան ընկերութիւնը» (AAAS) օգտագործած է հեռակայ պատկերման արհեստագիտութիւններ՝ մշակութային ոչնչացման ուսումնասիրութեան մէջ։ 2010-ին անոնց աշխարհատարածքի ուսումնասիրութիւնը եզրակացուցած է, որ «արբանեակային տուեալները կը համապատասխանեն տեղւոյն վրայ դիտորդներու կողմէ ներկայացուած զեկոյցներուն, որոնք յայտնած են Ջուղայի գերեզմանատան արուեստի նմուշներու ոչնչացման մասին»։
«Բացարձակ կեղծ եւ զրպարտող տեղեկութիւններ… (կեղծուած) հայկական լոպպիի կողմէ», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ յաճախ կը սպառնայ Հայաստանին եւ կը խեղաթիւրէ անոր պատմութիւնը:
Հեղինակները նաեւ կը մէջբերեն Նախիջեւանի «տեղական ինքնակալ», նախագահ Ալիեւի ազգական Վասիֆ Թալիպովի 2005 Դեկտեմբեր 6-ի թիւ 5-03/S հրամանագիրը, որմով ան «հրամայած է իրականացնել Նախիջեւանի յուշարձաններու մանրամասն գոյքագրում։ Երեք տարի անց՝ հետազօտութիւնը Թալիպովի համախմբագրութեամբ ամփոփուած է «Նախիջեւանի յուշարձաններու հանրագիտարանին մէջ՝ անգլերէն եւ ատրպէյճաներէն լեզուներով»։ 522-էջով «Հանրագիտարան»էն կը բացակային 89 միջնադարեան եկեղեցիները, 5440 նրբազարդ խաչքարերը եւ 22700 գերեզմանաքարերը, որոնք (հետազօտող Արգամ) Այվազեանը մանրակրկիտ փաստագրած էր։ Շատ քիչ ծանօթագրութիւններ կան ներկայիս այդ շրջանին մէջ գոյութիւն չունեցող հայկական քրիստոնէական համայնքներուն մասին, ինչպէս առաքելական, այնպէս ալ կաթոլիկ։ Այնուամենայնիւ, պաշտօնական ատրպէյճանական հրատարակութեան նախաբանին մէջ «հայերը» յստակօրէն կը բացայայտուին իբրեւ թիւ 5-03/S հրամանագիրի պատճառ. «Անկէ ետք, 2005 Դեկտեմբեր 6-ին, որոշում ընդունուեցաւ… իւրաքանչիւր յուշարձանի համար անձնագիր տրուեցաւ… Հայերը մեզի հանդէպ թշնամանք կը ցուցաբերեն, ոչ միայն անարդարացիօրէն հողային պահանջներ ունենալով Նախիջեւանէն, այլ նաեւ մեր պատմական յուշարձաններէն՝ միջազգային հանրութեան տալով կողմնակալ տեղեկատւութիւն։ Կատարուած հետազօտութիւնը մէկ անգամ եւս կը հաստատէ, որ Նախիջեւանը կը պատկանի Ատրպէյճանի թուրքերուն…»։
Իւրաքանչիւր ատրպէյճանցի, որ կը համարձակի հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն հայերու, նոյնպէս կ՝ենթարկուի յարձակման իբրեւ Ատրպէյճանի թշնամի: Խիզախ ատրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլին շատ սուղ վճարեց՝ պատմելով ճշմարտութիւնը հայկական յուշարձաններու ոչնչացման մասին իր հայրենի Ագուլիս քաղաքին մէջ (այժմ՝ Այլիս)։ Յայտնի վիպասանը զայրացած էր, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՝ոչնչացնէ հայկական եկեղեցիները: Իր «Քարէ երազներ» վէպին մէջ, գլխաւոր հերոսը Ագուլիսի մտաւորականն է, որ կը յիշատակէ մինչեւ 1990-ականները գոյատեւած 12 միջնադարեան եկեղեցիներէն ութը եւ կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հակահայկական կոտորածներու զոհին։ Նախագահ Ալիեւ վերացուց անոր թոշակը եւ զրկեց «Ժողովրդական գրող» կոչումէն։ Անոր գրուածքները հանուեցան դպրոցական ուսումնական ծրագրերէն, գիրքերը հրապարակաւ այրեցին, իսկ անոր ընտանիքի անդամները հեռացուեցան աշխատանքէ։ Ան փաստացի տնային կալանքի տակ կը գտնուէր՝ իր վէպի հրապարակումէն ետք։ Այլիսլին բողոքած է Ագուլիսի մէջ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացման դէմ եւ հրաժարած Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւորի իրաւագիրէն։ 1997-ին ան անվախօրէն հեռագիր ուղարկեց նախագահ Ալիեւին՝ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացումը անուանելով «վանտալութեան գործողութիւն՝ իրականացուած զինուած ուժերու ներգրաւմամբ եւ հակահրասայլային արկերու կիրառումով»։
Երկու հեղինակները զրուցած են ռուս լրագրող Շուրա Պուրդինի հետ, որ Այլիսլիի հետ հարցազրոյց ունենալէ ետք մեկնած էր Նախիջեւան եւ յայտնած, որ չէ տեսած «տարածքի փառայեղ անցեալին հետքերը»: Պուրդինը եզրափակած է՝ «Նոյնիսկ «Իսլամական պետութիւնը» չէր կրնար նման ծանր յանցագործութիւն կատարել մարդկութեան դէմ»։
Հեղինակները կը յայտնեն, որ Այլիսլին 2018-ի իր վաւերագրական «Հրաժեշտ» գրութեան մէջ պնդած է, որ «քանդուած եկեղեցիներէն մէկուն տեղը՝ հինգ տարի առաջ կառուցուած մզկիթը տեղացիներու կողմէ պոյքոթի ենթարկուած է, քանի որ «Այլիսի մէջ բոլորը գիտեն, որ եկեղեցւոյ տեղը կառուցուած մզկիթին մէջ հնչած աղօթքները չեն հասնիր Ալլահի ականջին»։
Նախիջեւանի բնակիչ Արգամ Այվազեանը, որ տասնամեակներ շարունակ լուսանկարած է տեղի հայկական յուշարձանները մինչեւ անոնց ոչնչացումը, Մաղաքեանն ու Փիքմանը կը մէջբերեն իբրեւ աշխարհի լռութիւնը դատապարտողի. «Նախիջեւանի հայկական անցեալի ոչնչացումը քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանի կողմէ զայն աւելի վատը կը դարձնէ, քան «Իսլամական պետութիւն»ը, սակայն UNESCO-ն եւ Արեւմտեան երկիրներու մեծ մասը չտեսնելու կու տան»։ «Իսլամական պետութեան» կողմէ քանդուած կառոյցները, ինչպէս Փալմիրան, կրնան վերականգնիլ, կը պնդէ Այվազեանը, սակայն «այն ամէնը, ինչ մնացած է Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիներէն եւ խաչքարերէն, որոնք գոյատեւած էին երկրաշարժերուն, խալիֆներուն, Թամեռլանէն եւ Ստալինէն ետք՝ իմ լուսանկարներն են»։
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը