Արցախի եւ Հայաստանի ԱԳ Նախարարները Հանդիպած են

Հայաստան

Փետրուար 25-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է Արցախի ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Գործընկերները բարձր գնահատած են պարբերաբար տեղի ունեցող երկկողմ հանդիպումները եւ ընդգծեցած իրենց պատրաստակամութիւնը` խթանելու երկու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ խորհրդակցութիւններու իրականացումը:

Այս օրերուն լրացող Ղարաբաղեան շարժման 31-ամեակի լոյսին ներքոյ զրուցակիցները անդրադարձած են անոր ակունքներուն` ընդգծելով, որ ան ուղղուած էր Արցախի ժողովուրդի հիմնարար ազատութիւններու ու մարդու իրաւունքներու, իր հայրենիքին մէջ ապրելու եւ ազատ արարելու անբեկանելի իրաւունքի պաշտպանութեան:

Նախարար Մնացականեան ներկայացուցած է՝ Տաւոսի մէջ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին, Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարին եւ համանախագահներուն հետ, ինչպէս նաեւ վերջերս եռանախագահներուն` Երեւան կատարած այցի մանրամասնութիւնները:

Զրուցակիցները փոխանակած են տեսակէտներ ԼՂ հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ: