Հայոց Եռագոյնը՝ «Էմիրէյթս» Մարզադաշտին Մէջ «Արսենալ» – «Սաութհեմփթըն» Խաղին Ընթացքին (տեսանիւթ)

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Փրեմիեր լիկայի 27-րդ խաղի «Արսենալ» – «Սաութհեմփթըն» մրցոյթին՝ «Էմիրէյթս» մարզադաշտի գովազդային վահանակներուն վրայ յայտնուած է հայոց եռագոյնը։ Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։

Խաղային ոլորտի համաշխարհային առաջատարներէն մէկը՝ BetConstruct ընկերութիւնը, վերջերս համագործակցութեան պայմանագիր կնքած էր «Արսենալ» ակումբին հետ։ Պայմանագիրը կը նախատեսէր ընկերութեան գովազդը ակումբի հանդիպումներուն ժամանակ։ Հաշուի առնելով լոնտոնեան ակումբի մեծ լսարանը ամբողջ աշխարհի մէջ՝ հայկական արմատներ ունեցող BetConstruct-ը որոշած է գովազդին մէջ օգտագործել Հայաստանի դրօշը։

Նախապէս՝ BetConstruct-ի ղեկավարներու ջանքերով՝ «Էմիրէյթս» մարզադաշտի բեմերէն մէկուն վրայ պատկերուած էր Հայաստանի դրօշը՝ կից Armenia գրառումով։