
Հայաստանի «Փիւնիկ» Միութեան 30-ամեակին Նուիրուած Դրամահաւաքի Ձեռնարկ Կլենտէյլի Մէջ
Հայաստանի հաշմանդամներու «Փիւնիկ» հասարակական միութեան 30-ամեակին նուիրուած դրամահաւաքի նախաճաշ մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 10-ին, կ.ե. ժամը 1-3, «Չեւի Չէյս Քանթրի Քլապ»ի հիւրընկալութեամբ (3067 E Chevy Chase Dr., Glendale, CA 91206)։
Մուտքը ազատ է եւ կը խնդրուի տեղեր ապահովել մինչեւ Մարտ 5, դիմելով՝ Aleen@chevychasecc.com հասցէին։
Անոնք, որոնք կը փափաքին աջակցիլ կազմակերպութեան, սակայն պիտի չկարենան ներկայ գտնուիլ՝ կրնան իրենց նուիրատուութիւնները յղել 6606 Cantaloupe Ave., Van Nuys, CA 91405 հասցէին (նուէրը հասցէագրել «Pyunic»ին) կամ այցելելով՝ pyunic.org կայքը։