Ռազմական Արտադրութեան Ոլորտին Մէջ Կը Ստեղծուի 200 Նոր Աշխատատեղ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի կառավարութիւնը մաքսային արտօնութիւն տրամադրեց «Արսենալ ԼՏԴ» ընկերութեան՝ գերակայ կարեւորութիւն ներկայացնող ոլորտին մէջ ներածուող սարքաւորումներու, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերու, հումքի եւ նիւթերու ներածման համար, կը հաղորդէ “Արմենփրես”-ը:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան նշեց, որ ընկերութեան կողմէ ներածուող ապրանքները պիտի օգտագործուին զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութեան մէջ:

Ծրագիրին իրականացման համար պիտի կատարուի 3 միլիառ 26 միլիոն դրամի ներդրում, որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել 200 նոր աշխատատեղեր՝ 250 հազար դրամ միջին աշխատավարձով:

Արտադրանքին ընդհանուր ծաւալը տարեկան պիտի կազմէ 44 միլիառ 400 միլիոն դրամ: