
“Հայաստան” Հիմնադրամը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Գիւմրիի Մանկատան
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարարութեան Գիւմրիի «Երեխաների տուն» մանկատունը Հայաստան Համահայկական հիմնադրամէն ստացաւ խոհանոցային պարագաներ: Հիմնադրամը երկրորդ տարին ըլլալով, HSBS դրամատան հետ զանազան գոյքեր ու սարքեր կը տրամադրէ մանկատան, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը:
Մանկատան տրամադրուած է նաեւ հեռատեսիլ: Տրամադրուած սարքերու եւ պարագաներու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ առաւել քան 4 հազար տոլար:
«Մանկատան հետ 1992 թուականից մեկնարկած համագործակցութիւնը կը շարունակուի նաեւ առաջիկայում: Բացի մանկատանն աջակցելուց, 2015 թուականից հիմնադրամը բնակարանային ծրագիր է իրականացնում Գիւմրու անօթեւանների համար: Շուտով՝ Մարտին 43րդ բնակարանը կը տրամադրուի որեւէ անօթեւան ընտանիքի», նշեց հիմնադրամի ծրագիրի եւ արտաքին կապերու բաժինի համակարգող Աննա Մանուկեան:
Գիւմրիի «Երեխաների տուն»ը յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու համար նախատեսուած մասնագիտացուած մանկատուն է, ուր կը խնամուին սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող մինչեւ ութ տարեկան երեխաներ: Ներկայիս մանկատան խնամքին տակ կը գտնուին 0-8 տարեկան առանց ծնողական խնամքի 125 երեխաներ՝ Հայաստանի զանազան մարզերէ եկած: