
Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արցախեան Շարժումի 30-ամեակին Նուիրուած Խորհրդաժողով
1 Փետրուար 2019-ին Իրանի Նոր Ջուղայի Հայ Դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ Նոր Ջուղայի մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախեան շարժումին 30–ամեակին պատմութիւնը, իրավիճակը եւ հեռանկարները» խորագիրով խորհրդաժողովը, ուր հանդէս եկան Արցախէն, Թեհրանէն եւ Նոր Ջուղայէն զեկուցողներ։
Արցախի խորհրդաժողովին մասնակցած էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Սեւակ Խաչատուրեան, որ ելոյթ ունեցաւ «Արցախեան հակամարտութեան մերօրեայ զարգացումները, հիմնախնդիրին բանակցային գործընթացը եւ կարգաւորման հեռանկարը» նիւթով: Ստորեւ կը ներկայացնենք խորհրդաժողովի նպատակին, ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին «Ապառաժ»-ի զրոյցը Սեւակ Խաչատուրեանի հետ:
– Ի՞նչ նպատակով կազմակերպուեցաւ Արցախեան շարժումին 30-ամեակին նուիրուած խորհրդաժողովը:
– Խորհրդաժողովին հիմնական նպատակը Նոր Ջուղայի հայկական համայնքին, հայ հանրութեան Արցախի մասին առաւելագոյն ճշգրիտ եւ արդիական տեղեկութիւն ներկայացնելն էր` արցախեան շարժումին սկզբնական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը: Խորհրդաժողովին հետաքրքիր նիւթեր կային Արցախի բնակչութեան, վարչատարածքային բաժանումներուն, կառավարման համակարգին, քաղաքական, հասարակական, մշակութային, ընկերային-տնտեսական կեանքին մասին: Այսինքն, հիմնական նպատակն էր` Նոր Ջուղայի հայ համայնքին իրական հայեացքով ներկայացնել Արցախը:
Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են Արցախեան հարցին բանակցային գործընթացին պատմութիւնը` արցախեան ազգային – ազատագրական շարժումէն սկսեալ, ապա նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակումէն մինչեւ այսօր անցած բոլոր փուլերը, ապրիլեան քառօրեայի պատերազմը, որմէ ետք տեղի ունեցան զարգացումներ՝ բանակցային գործընթաց, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ թաւշեայ յեղափոխութիւն եւ Արցախի դիրքորոշում:
Խորհրդաժողովը ընթացաւ բաւական հետաքրքրական ձեւով: Բացի զեկուցավարներէն, կը մասնակցէին նաեւ Նոր Ջուղայի երիտասարդները, ուսանողները, աշխուժ հասարակական համայնքը: Իւրաքանչիւր ելոյթէ ետք քննարկում եւ հարց-պատասխան տեղի կ’ունենար:
Նոր Ջուղայի հայ համայնքը բաւական հետաքրքրուած ու անհանգստացած է Արցախեան իրականութեամբ, Արցախի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերով: Հետաքրքրական քննարկումներ տեղի կ՛ունենա ոչ միայն հիմնահարցին կարգաւորման, այլ նաեւ Արցախի հասարակական-քաղաքական, մշակութային կեանքին, վերաբնակեցման` որպէս թիրախային ուղղութեան, եւ այս ոլորտներուն մէջ Դաշնակցութեան ընելիքներու մասին:
– Ինչո՞վ կը յատկանշուէր խորհրդաժողովը:
– Խորհրդաժողովը նուիրուած էր Արցախին: Ուսումնասիրութեան հիմնական նիւթը Արցախն էր` իր բոլոր բաղադրիչներով: Այդպէս չէ, որ Սփիւռքի հայ համայնքները տեղեակ չեն Արցախին առնչուող զարգացումներուն, բայց այս անգամ մեր երկիրը ներկայացուեցաւ ն իր հարցերով: Լսարանի մեծամասնութիւնը երիտասարդներ էին, գիտական մտածելակերպով օժտուած: Ներկայացուած էր Արցախը 30 տարի առաջ եւ ներկայիս` ըստ ժամանակագրութեան: Օգտակար եւ անհրաժեշտ ձեռնարկ մըն էր: Կը կարծեմ, որ վարակիչ պէտք է ըլլայ համայնքներուն համար, որովհետեւ Արցախը պէտք չէ միայն զգացական առումով դիտարկուի Սփիւռքին կողմէ. շատ կարեւոր է աւելի մանրամասն, բոլոր առումներով ներկայացնել Արցախը:
– Իրանը, իբրեւ տարածաշրջանային պետութիւն, բնականաբար հետաքրքրութիւն ունի Արցախի հիմնահարցով: Նման խորհրդաժողովներ կրնան նպաստել Արցախի ձայնը Իրանի հասարակութեան, ինչու չէ, նաեւ իշխանութեան հասցնելու :
– Իրանը տարածաշրջանով մեզի համար բաւական կարեւոր է, լուրջ երկիր է: Հայերը ազդեցիկ դեր ունին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ խոր բարիդրացիական յարաբերութիւններու մէջ են: Իրան Արցախը «տէ իւրէ» չի ճանչնար, բայց ան չի խանգարեր, որ տարբեր բնագաւառներու մէջ յարաբերութիւններ հաստատենք Իրանի հետ` յատկապէս նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ Իրան Արցախի հետ բաւականին մեծ սահման ունի: Իրանի հայկական համայնքի հետ կապուած ամէն ինչ օգտակար կ’ըլլայ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, երկու երկիրներու իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան, պետական մակարդակի դիւանագիտութեան, իսկ այկական համայնքը կրնայ միայն օգտակար դառնալ յաւելեալ պարունակութիւն հաղորդելու այս յարաբերութիւններուն:
Տարածաշրջանին մէջ առկայ է թուրք-ատրպէյճանական գործօնը, յատկապէս Իրանի հիւսիսային հատուածին մէջ՝ նկատի առնելով զանազան ցեղերու բնակութիւնը: Առկայ է նաեւ պանթուրքիզմի գաղափարը: Ուստի մեծ ընելիքներ ունին Հայաստանը, Արցախը եւ հայկական համայնքները: Արցախ կը գտնուի աշխարհաքաղաքական բաւական կարեւոր տարածքի մէջ եւ պէտք է ճիշդ գնահատել ու օգտագործել այս տեղեկութիւնները:
– Նման խորհրդաժողովներ ինչքանո՞վ կրնան նպաստել համահայկական օրակարգ մշակելու գործին:
– Այս խորհրդաժողովը տեղեկատուական եւ ճանաչողական բնոյթի էր՝ եթէ կարելի է այդպէս բնութագրել, բայց կարեւոր է այն առումով, որ հաւաստի տեղեկութիւնը գործի սկիզբն է: Այդ տեղեկութիւնը պէտք է հայկական շրջանակներէն դուրս գայ, և այստեղ է, որ հայկական համայնքը ընելիք ունի: Մեր երկիրին մէջ ալ ձևաչափ պիտի մշակուի, որպէսզի հայանպաստ և հաւաստի տեղեկութիւնը տարածուի իսլամական աշխարհին մէջ: Այս առումով մենք շատ գործ ունինք ընելու:
Պէտք է նմանատիպ ձեռնարկները շարունակական ըլլան, եւ մենք պէտք է դիմում ներկայացնենք հասարակութիւններուն միջև՝ թէկուզ մշակութային, գիտական մակարդակներով երկխօսութեան սկզբնաւորման և յարաբերութիւններու զարգացման համար, քանի որ Արցախի չճանաչողութիւնը պետական մակարդակով յարաբերություններ ունենալու համար կարեւոր հարց է: Ապրելով մէկ տարածաշրջանի մէջ, ցամաքային բաւական լայն սահման ունենալով իրար հետ, 21-րդ դարուն անընդունելի է շփման բացակայութիւնը:
Հարցազրոյցը վարեց
Տաթեւիկ Աղաճանեան