8.1 Միլիոն Տոլարի Նուիրատուութիւններ՝ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Թելեթոնին

Սփիւռք

Հայ-ամերիկեան թանգարանին նուիրուած պատկերասփիւռային անդրանիկ դրամահաւաքին՝ թելեթոնին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի մէջ, Փետրուար 17-ին, 8,138,986 տոլարի նուիրատուութիւններ յայտարարուեցան՝ ի նպաստ պատմական այդ ծրագիրին, զայն քայլ մը եւս մօտեցնելով անոր իրականացման, նոյն ժամանակ հանրութիւնը կարելիութիւնը ունեցաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու ծրագիրին ծալքերուն:

Համայնքէն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի  տարածքէն հազարաւոր համակիրներ հետեւեցան վեց ժամեայ յայտագիրին, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան համայնքային ղեկավարներու եւ յատուկ հիւրերու հետ հարցազրոյցներ, թանգարանի ծրագիրին մասին պատրաստուած տեսանիւթեր եւ նուիրատութեանց յանձնումներ։

«Շատ երախտապարտ ենք մեր համայնքին կողմէ Հայ-ամերիկեան թանգարանին տրամադրուած այս աննախընթաց աջակցութեան համար, որ իսկապէս ոգեւորիչ է եւ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի ծրագիրին յաջորդ հանգրուանը՝ թանգարանին հիմնարկէքը», կը յայտնէ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:

Դրամահաւաքի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ վարչութեան մաս կազմող շրջանի 10 բարեսիրական, մշակութային եւ կրօնական կազմակերպութիւններու կատարած միացեալ 1 միլիոն տոլարի նուիրատուութեան յայտարարութիւնը։ Վարչութեան մաս կը կազմեն՝

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Մի-ութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը:

Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանի վարչութիւնը նպատակ ունի 12 միլիոն տոլար գոյացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հիմանարկէքը կատարել եւ շինարարութիւնը սկսիլ 2020ին։

Թելեթոնին հանդիսավարութիւն ստանձնեցին՝ Արշալոյս Դարբինեան, Արտաւազդ Ամիրեան, Սվեթլանա Պոսնոյեան եւ Մանուկ Սէրայտարեան։ Գլխաւոր հովանաւորներէն էին՝ Վարանդ եւ Ժանէթ Պարսումեաններ, Ռաֆիկ եւ Հելի Խաչատուրեաններ, «Քալիֆորնիա Այ Սենթըր» ակնաբուժական կեդրոնը եւ տոքթ. Յարութ Խանճեան, ինչպէս նաեւ Գեղօն եւ Ալեքսիա Գեւոնեաններ։

Դրամահաւաքի արշաւը կը շարունակուի։ Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել՝ հեռաձայնելով (800) 655-9554 թիւին կամ այցելելով www.GiveAAM.org կայքը:

Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան եւ վաճառատուն:

Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել

www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: