Փաշինեան Մարտ 1-ին Երթի Կը Հրաւիրէ Ժողովուրդը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքացիները կը հրաւիրէ Մարտ 1-ին քաղաքացիական հզօր երթով շարժուիլ Ազատութեան հրապարակէն դէպի Մեասնիկեանի արձան: Այս մասին այն յայտնեց  Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերով:

«Այս տարի կը լրանայ այդ օրուան իրադարձութիւններու 11-րդ տարելիցը: Երթ ընելու որոշումը կայացուցած ենք քննարկումներու արդիւնքով: Այս երթը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիի յաղթանակին, ուղղուած ընդդէմ ընտրակեղծիքներու, բռնութեան, կաշառակերութեան, ապօրինութիւններու: Երթը պիտի նշանաւորէ այն հանգրուանը, որ Հայաստանի մէջ քաղաքացիի յաղթանակը եւ իշխանութիւնը անշրջելի են: Հայաստանի մէջ այլեւս պիտի չըլլան ընտրակեղծիքներ, մենք յստակ դէմ կը կանգնինք բռնութեան ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ քաղաքական բռնութեան, կաշառակերութեան, ապօրինութիւններուն»,- ընդգծեց ան:

Ան յայտնեց, որ այդ օրը նաեւ յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի 2008 թուականի Մարտ 1-ի 10 զոհերուն եւ ընդհանրապէս քաղաքական բռնութեան բոլոր զոհերու յիշատակին: «Այսպիսով, 2019 թուականի Մարտ 1-ին ժամը 18:30-ին բոլորդ կը հրաւիրեմ Ազատութեան հրապարակ այնտեղէն իրականացնելու քաղաքացիական երթ դէպի Մեասնիկեանի արձան` 2008 թուականի Մարտ 1-ի իրադարձութիւններու առիթով: Այդ օրը ես նաեւ մտադիր եմ ուղերձով դիմելու ժողովուրդին: Մարտ 1-ին պէտք է ի ցոյց դնենք մեր վճռականութիւնը, նուիրուածութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ ժողովուրդի իշխանութեան»,- եզրափակեց Փաշինեան: