
Զինուորական Նուագախումբի Համաշխարհային Գերտերութիւն. IDEX-2019-ի Հայաստանի Ելոյթը Միջազգային Բարձր Գնահատականի Արժանացած է
Անվախ, կատարեալ, զինուորական նուագախումբի համաշխարհային գերտերութիւն. միջազգային յայտնի «The National» թերթը այսպէս գնահատած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուոյ պահակախումբի եւ զինուորական նուագախումբի ելոյթը Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած IDEX-2019 ցուցահանդէսին: «Կը պարզուի` Հայաստանը համաշխարհային գերտերութիւն է ռազմական նուագախումբի առումով: Զօրավարը անվախ կերպով, անվնաս կ՛անցնէր սուրերու մէջէն, որոնք իդէալական համաչափութեամբ կը շարժուէին վերէն վար»,-«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ըսուած է հրապարակման մէջ: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ ԱՄԷ-ի ղեկավարութիւնը տպաւորուած էր եւ պատուոյ պահակախումբի ելոյթը կ՛ուղեկցուէր ծափողջոյններով:
Հայաստանի պատուոյ պահակախումբի դիտարժան ելոյթը չէ վրիպած նաեւ «The Guardian»-ի աչքէն: Յօդուածագիրը ծաւալուն յօդուածով անդրադարձած է IDEX-2019 ցուցահանդէսին եւ նշած, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուոյ պահակախումբը այլ խումբերու հետ մեծ ու տպաւորիչ ցուցադրութիւն ներկայացուց:
IDEX-2019 ցուցահանդէսին ներկայացուած եղած է նաեւ հայկական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու տաղաւարը: Ցուցահանդէսին մասնակցած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: