«Կրանտ Հոլտինկ»-ը Հայաստանի Տնտեսութեան Առաջատարն է

Հայաստան

«Կրանտ Հոլտինկ»-ը, ինչպէս միշտ, տարին կ՛ամփոփէ էական յառաջընթացով: Այսպէս, 2018-ին ընկերութեան ծխախոտ արտադրող ձեռնարկութիւնները արտահանած են 247 միլիոն տոլարի ծխախոտ, որ անցեալ տարուընէ 10 տոկոսով աւելի է: «Կրանտ Քէնտի»-ն արտահանած է 4300 թոն հրուշակեղէն: Աճը կազմած է 54 տոկոս։ 2018-ին «Կրանտ Հոլտինկ»-ի կազմին մէջ ընդգրկուած ընկերութիւնները վճարած են 69 միլիառ դրամ հարկ եւ առաջինն են ՀՀ խոշոր հարկատուներու շարքին: «Կրանտ Հոլտինկ»-ը` 9524 աշխատակիցով, հայրենական արտադրողներէն առաջինն է նաեւ աշխատատեղերու քանակով: 2018-ին աշխատատեղերու քանակը աւելցած է 1206-ով: «Կրանտ Հոլտինկ»-ը առաջինն է նաեւ կատարած ներդրումներու ծաւալով: 2018-ին կատարուած է 83 միլիոն տոլարի ներդրում:

Աւելի մանրամասն` տեսանիւթին մէջ: