Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպան-ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւն՝ Ծանօթացման Հանդիպում

Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 14 Փետրուար 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դիւանը ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ` ներկայութեամբ դեսպանատան երրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ:

Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացուց միութեան աշխարհասփիւռ կառոյցն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործող կազմերը:

Վսեմաշուք դեսպանը քաջածանօթ ըլլալով ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան, բարձր գնահատեց միութեան իրագործումներն ու ցուցաբերեց համագործակցութեան բարձր ոգի: Իսկ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր յաջողութեան բարեմաղթութիւնները կատարեց եւ յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը` միութեան ուժականութիւնը ի սպաս դնելու Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ պետականութեան:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ