
Բակօ Սահակեան Արթուր Մկրտչեանի Յուշաքարին Ծաղկեպսակ Դրած է
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 18-ին, ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրած անոր յուշաքարին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Բակօ Սահակեան օրինակելի համարած է Արթուր Մկրտչեանի հայրենասիրութիւնը, նուիրուածութիւնը եւ պարկեշտութիւնը՝ նշելով, որ անոր պայծառ յիշատակը միշտ վառ կը մնայ արցախցիներու սրտերուն մէջ: