Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարը Աշխատանքային Այցելութեամբ կը Գտնուի Պոլիս
ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ՝ մեկնած է Պոլիս: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի վարչութենէն։
Նախարարը կը մասնակցի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւրոպական տարածաշրջանի հանրային առողջապահութեան համակարգերու պատրաստուածութեան եւ արձագանգման մակարդակի բարձրացման համար գործողութիւններու ծրագիրի իրականացման նուիրուած բարձր մակարդակի արհեստագիտական եւ նախարարական խորհրդակցութիւններուն:
Ձեռնարկը նպատակ ունի ԱՀԿ եւրոպական տարածաշրջանի անդամ-պետութիւններու առողջապահութեան բնագաւառի հիմնական պատասխանատուներու մակարդակով ներկայացնելու եւ քննարկելու տարածաշրջանային ծրագիրի լիարժէք իրականացման եւ արդիւնքներու մշտադիտարկման կառուցակազմերը, հասկնալու առողջապահութեան բնագաւառէն ներս արտակարգ իրավիճակներուն պատրաստուածութեան եւ արձագանգման նշանակութիւնը, որոշելու այն առաջնահերթ ուղղութիւնները, որոնց իրականացման համար անհրաժեշտ է ԱՀԿ եւ այլ գործընկերներու աջակցութիւնը։
Պոլիս իր կեցութեան ընթացքին՝ Արսէն Թորոսեան, Ուրբաթ օր, առաջին կէսին պիտի այցելէ պատրիարքարան, ուր պիտի տեսակցի թրքահայ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ:
