Լաթաքիոյ «Գեղարդ» Պարախումբին Ելոյթը (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լաթաքիոյ «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, «Գեղարդ» պարախումբը աւելի քան 500 հայ եւ արաբ հանդիսատեսներուն հրամցուց հայկական պարարուեստէն ծաղկաքաղ մը, մերթ ընդ մերթ այլ ազգերու պարեր եւս ներկայացնելով: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար, պարուսոյց Սուրէն Քիրազեան 4-ամսեայ հետեւողական փորձերով փոքրերէ, պարմանուհիներէ եւ երիտասարդներէ կազմուած «Գեղարդ» պարախումբը նախապատրաստած էր անդրանիկ ելոյթին՝ յայտնաբերելով իւրաքանչիւր պարողի իւրայատկութիւնն ու տաղանդը:

Պարախումբը հանդէս եկաւ Լաթաքիոյ «Ալ Ասատ» մշակութային սրահէն ներս, ներկայութեամբ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Լաթաքիոյ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Թաղականութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներու, պետական պատասխանատուներու, սկաուտական պատասխանատուներու, վաշտերու եւ հարիւրաւոր հանդիսատեսներու:
Բացման հայերէն խօսքով Վարդուհի Կարապետեան-Թուլումճեան նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի նահատակներուն յիշատակը:

Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2019-ն «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակելու ոգեւորիչ նախաձեռնութեան, ապա լուսարձակի տակ առնելով երիտասարդները հայ մշակոյթի շունչով ու ոգիով ներշնչելու Համազգայինի առաքելութիւնը, ան յայտնեց որ ծնողները իրենց զաւակները դէպի հայ մշակոյթ ուղղելու կարեւոր պարտականութիւնը ունին, որպէսզի զանոնք մշտապէս աղերսուած պահեն հայկական կեանքին: Թուլումճեան ներկայացուց պարախումբը, անոր գեղարուեստական ղեկավարը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց երկրիս նախագահին, Դամասկոսի Մշակոյթի Տնօրէնութեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան, «Գեղարդ» պարախումբի անդամներուն եւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան Համազգայինին:
Արաբերէն բացման խօսքով Շուշան Ճանէցեան-Անթունեան բարի գալուստ մաղթեց պետական հիւրերուն, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւին եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, յայտնելով որ Սուրիան գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի եւ դիմադրողականութեան երկիր է: Երկիր մը, որ ոռոգուած է իր նահատակներուն արեամբ, իսկ Սուրիոյ ժողովուրդը ստեղծագործ ու պայքարունակ ժողովուրդ է: Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց սուրիական բանակին ու երկրի վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, որոնք ոգի ի բռին կը պայքարին կանգուն պահելու Սուրիան եւ թափ տալու անոր վերականգնումին:

Այնուհետեւ ներկայացուց պարախումբին յայտագիրը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լաթաքիոյ Մշակոյթի Տնօրէնութեան, Լաթաքիոյ սկաուտական 11-րդ վաշտի ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարեցին այս ձեռնարկին յաջողութեան:

Արդարեւ, յաջորդաբար հանդէս եկան «Գեղարդ» պարախումբի անդամները: Անոնք առաջին բաժինով ներկայացուցին 8 հայկական եւ օտար ազգերու ժամանակակից պարեր՝ «Քոչարի», «Եարխուշտա», «Արաբական», «Եւրոպական», «Նանուլ» եւ «Կոտորածն Անգութ»՝ արժանանալով հանդիսատեսին բուռն ծափողջոյններուն եւ գնահատանքին:

Պարերու ընդմիջումին ներկաները մերթ ընդ մերթ իրազեկ դարձան իւրաքանչիւր պարի ծագումին ու անոր յատուկ տարազին, իսկ դաշնակահար Յակոբ Արզումանեան քնարական մեղեդիներով ջերմացուց մթնոլորտը:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով «Գեղարդ»ի անդամները հեզաճկուն շարժումներով ներկայացուցին՝ «Արաբական», «Եւրոպական», «Շալախօ», «Նազ պար», «Ես եմ» եւ ֆինալի պարերը:
Աւարտին, Դամասկոսի սկաուտական վաշտի պատասխանատու Նեպիլ Իւսէֆ շնորհաւորեց պարախումբի անդամներն ու կազմակերպիչ մարմինը:

Օրուան եզրափակիչ խօսքով Լաթաքիոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան ըսաւ. «Պարարուեստը մշակոյթի անբաժան մէկ մասն է, որ կը նպաստէ մեր ժողովուրդի գոյատեւման:

Երիտասարդուհիներուն եւ պարմանուհիներուն ներկայացումը ուրախացուց մեզի եւ յատուկ երանգ մը հաղորդեց մշակութային մեր կեանքին»: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմինին, պարուսոյցին, պարողներուն եւ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ երկրիս վսեմաշուք նախագահին ու բանակին, որոնք անկոտրում կամքով կը պայքարին խաղաղութեան համար:

Տէր Վազգէն խրախուսեց բոլոր ազգային մարմինները, որոնք Լաթաքիոյ մշակութային եւ ազգային կեանքը կը հարստացնեն նման ձեռնարկներով, ապա անդրադարձաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90-ամեակին ու առաքելութեան՝ դիտել տալով որ հիմնադիրներուն տեսիլքը պէտք է վառ մնայ սերունդներուն մտքին ու հոգիին մէջ:

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Այս առիթով «Գանձասար» հանդիպում մը ունեցաւ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Կարապետեան-Գաթրճեանի հետ:

Ան խօսելով մասնաճիւղի գործունէութեան մասին դիտել տուաւ, որ վարչութիւնը Համազգայինի շարքերուն մէջ հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու համար անհրաժեշտ համարեց զիրենք հետաքրքըրող եւ խանդավառող ձեռնարկներ կազմակերպել, յատկապէս երաժշտութեան եւ պարի խումբեր կազմելով:«Նախ կազմեցինք պարախումբը, որ շատ լաւ ընդունելութիւն գտաւ, աշխուժ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ, արդիւնքն ալ դուք կը տեսնէք այսօր՝ «Գեղարդ» պարախումբին ելոյթով: Մարտ ամսուն պիտի սկսին մասնաճիւղի «Նարեկ» երգչախումբին փորձերը: Խումբին գեղարուեստական ղեկավարութիւնը պիտի վստահինք Արփի Քէչէճեանի», ըսաւ ան:

Գաթրճեան աւելցուց. «Երիտասարդութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց յատկապէս հայկական պարին նկատմամբ: Պարողները աջալրջութեամբ հետեւեցան փորձերուն: Յառաջիկային պարախումբը ելոյթներ պիտի ունենայ նաեւ Դամասկոսի եւ Քեսապի մէջ: Իմ երազն է որ «Գեղարդ» պարախումբը ելոյթ ունենայ նաեւ Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահի բեմահարթակին վրայ»: