«Գիրք Նուիրելու Օր»ը Քարվաճառի Գրադարանի Ընթերցողները Նուէր Կը Ստանան Գրքեր
Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ շրջկեդրոնի քաղաքային գրադարանը ունի 142 ընթերցող: Այս մասին՝ «Արարատ» հիմնադրամին կողմէ յատուկ «Ասպարէզ»-ին կը հաղորդէ Թամարա Գրիգորեան։
«Տարուան ընթացքին արձանագրուած գրեթէ բոլոր ընթերոցողները կ՝այցելեն գրադարան»,- կը նշէ գրադարանավար Արփինէ Դաւթեան ու աւելցնէ՝ ի հարկէ, ցանկալի պիտի ըլլար ընթերցողներուն կողմէ աւելի մեծ հետաքրքրուածութիւն տեսնել գիրքի, ընթերցանութեան հանդէպ:
Գրադարանի հիմնական ընթերցողները Քարվաճառի դպրոցականներն են: Ընթերցողներ կան նաեւ ուսուցիչներէն, ինչպէս նաեւ՝ գրադարան յաճախ կ՝այցելեն շրջանի ուսանողները, որ կ՝ուսանին Ստեփանակերտի մէջ:
Դպրոցականները գրադարանէն մասնաւորապէս կը վերցնեն հայ դասական գրողներու գիրքեր, այն ստեղծագործութիւնները, որ անոնց կը յանձնարարուի կարդալ դպրոցէն:
Դպրոցականները յաճախ ցանկութիւն կը յայտնեն գրադարանը օգտագործելու նաեւ իբրեւ ընթերցասրահ եւ այստեղ գիրք կարդալ, սակայն ատոր համար պայմաններ չկան:
Գրադարանի շէնքային պայմանները բարւոք չեն, տեղը շատ փոքր է, ինչպէս նաեւ՝ գրադարանի սենեակին յատակը կարիք ունի անյապաղ վերանորոգման: Գրադարանը ունի նաեւ գրապահարաններու կարիք. այժմ որոշ գիրքեր ուղղակի շարուած են յատակին:
Գրադարանը չի կրնար նոր գիրքեր ընդունիլ՝ տեղի բացակայութեան պատճառով:
Գրադարանավարին խօսքով՝ գիլրքերու պակաս կայ, յատկապէս՝ ժամանակակից, նոր հրատարակութեան գիրքերու:
«Եղած են դէպքեր, երբ մարդիկ ցանկացած են բաւական մեծ քանակով գիրքեր նուիրաբերել գրադարանին, սակայն այժմ ընդունիլ չենք կրնար»,- ըսած է գրադարանավարը: Ըստ անոր՝ կը պատահին նաեւ դէպքեր, երբ նուիրաբերուող գիրքերը այնքան մաշած ու հին կ՝ըլլան, որ ուղղակի հնարաւոր չէ գրադարանին մէջ օգտագործել: Խօսելով գրադարանի այլ կարիքներու մասին՝ գրադարանավարը կ՝ընդգծէ, որ գրադարանի աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ կը դառնայ համակարգիչի առկայութեան պարագային. անիկա անհրաժեշտ է գիրքերու շտեմարան ստեղծելու եւ հարկ եղած գիրքը արագ գտնելու համար:
Խօսելով գրադարանին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներէն՝ ան կը տեղեկացնէ, որ հայ գրողներու ծննդեան օրերուն դպրոցականներուն հետ կը կազմակերպուին գրական ցերեկոյթներ:
Այս տարի եւս, Փետրուար 19-ին, գիրք նուիրելու օրը, գրադարանին մէջ պիտի կազմակերպուի հանդիպում ընթերցողներու հետ, եւ ընթերցողները նուէր պիտի ստանան գիրքեր:
