
Արցախի Նախագահն ու ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Քննարկած են Անվտանգութեան Ոլորտէն Ներս Փոխգործակցութեան Վերաբերող Հարցեր
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Փետրուար 15-ին, ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են անվտանգութեան ոլորտէն ներս հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: