Հանրահռչակ Երաժիշտ եւ Արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանի Այցելութիւնը Այնճար (լուսանկարներ)

Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ համազգայինի Լիբանանի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, այսօր՝ Հինգշաբթի 14 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ Այնճար ժամանեց Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի արժէքաւոր զաւակ՝ մեծ երաժիշտ եւ արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Mousaleranjar-ը։

«Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնէն ներս՝ մեծ արուեստագէտը արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան , որմէ ետք, կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ պատշաճ յայտագիր մը եւ հիւրասիրութիւն։

Այնուհետեւ, Մանսուրեանն ու հայրենակիցները ուղղուեցան դէպի «Պօղոս Ղուկասեան»-ի անուան պուրակ՝ ուր տեղի ունեցաւ ծառատնկում։ Հայրենի հիւրը, Այնճար իր այցելութիւնը աւարտեց «Ս. Պօղոս» եկեղեցի այցելութեամբ։