Գերմանիոյ Ռայնլանտ-Փֆալց Երկրամասին Մէջ Սպիտակի Երկրաշարժի 30-ամեայ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Կազմակերպած են

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Գերմանիոյ Ռայնլանտ-Փֆալց երկրամասի Կարմիր խաչի կեդրոնակայանին մէջ, Փետրուար 13-ին, տեղի ունեցած է 1988-ի երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

Ձեռնարկին, ի թիւս այլոց, ներկայ եղած է աւելի քան 20 կամաւոր, որոնք 1988-ին՝ ամիսներ շարունակ՝ իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են Լէնինականի, Սպիտակի  եւ Ստեփանաւանի մէջ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն:

Ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ Ռայնլանտ-Փֆալց երկրամասի ներքին գործոց պետական քարտուղար Ռանտոլֆ Շթիխը (Randolf Stich), Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Սերովբէ վարդապետ Իսախանեանը, Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Շաւարշ Յովասափեանը, ինչպէս նաեւ երկրամասի խորհրդարանի՝ Լանդթագի անդամներ, հասարակական, քաղաքական գործիչներ, ԶԼՄ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Կարմիր խաչի երկրամասային կառոյցի նախագահ Մանուէլ Կոնցալէսը: Այնուհետեւ, ներկաներուն դիմած է ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան: Վերջինս, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայ բոլոր կամաւորներուն եւ Գերմանական Կարմիր խաչին, նշած է, որ մարդասիրութիւնը սահմաններ չի ճանչնար, եւ այն, որ Գերմանական Կարմիր խաչը առ այսօր դեռ տարբեր ծրագիրներ կ՝իրականացնէ Հայաստանի մէջ՝ ոչ միայն Գիւմրիի եւ Սպիտակի, ատոր վառ վկայութիւնն է:

Ձեռնարկի աւարտին՝ ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանը պատուոգրեր յանձնած է կամաւորներուն՝ ի նշան խորին շնորհակալութեան 1988-ին ցուցաբերած մարդասիրական աջակցութեան համար: