
«Հայաստան՝ Լեռներու Հաւատքը» Խորագիրով Ցուցահանդէս Քլերմոն-Ֆերանի Մէջ
ՀԱՅԿ ԺԱՆ ԵՈՐԿԻ
Շատերու համար Քլերմոն-Ֆերան քաղաքը ճանչցուած է իբրեւ անիւներու մայրաքաղաք կամ ծանօթ է իր ռուկպիի խումբով եւ անոր շրջակայքը կան հրաբուխային լեռներ ու լիճեր, ինչպէս նաեւ Les Armeniens կոչուած գիւղ մը՝ Bussieres-pres-Pionsat-ի մօտ: Սակայն Քլերմոն-Ֆերանը եւ իր շրջանը հարուստ են նաեւ հռոմէական ոճով եկեղեցիներով, որոնք, ըստ զիս, հայկական ոճ ունին: Բայց այս քննարկումը կը ձգեմ մասնագէտներուն:
26 Յունուարին, Քլերմոն-Ֆերանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ ցուցահանդէս մը բացուեցաւ՝ «Հայաստան‘ լեռներու հաւատքը» խորագիրով, Նոթրը-Տամ տիւ Փոր տաճարին մէջ, որ կառուցուած է հռոմէական ոճով՝ 1120-էն 1130-ի միջեւ եւ արձանագրուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Ցուցահանդէսը կազմակերպած է Հայր Փօլ Տեսթապլ, որ բարեկամ մըն է հայերուն, շրջանի ծխական քահանաներուն, ինչպէս նաեւ ծուխի աշխարհական անդամներուն:
Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցաւ հայր Տեսթապլ եւ խօսեցաւ հայկական հարուստ մշակոյթին մասին, յիշեցնելով Ցեղասպանութեան հետեւանքով տառապանքները հայութեան, որոնք ապաստան գտան արաբական երկիրներու մէջ, ուր այսօր քրիստոնեաները հալածանքի կ՛ենթարկուին: Ան ըսաւ, թէ պէտք է թիկունք հանդիսանալ այդ շրջաններու քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Քլերմոն-Ֆերանի արքեպիսկոպոս Ֆրանսուա Քալիսթ եւ պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայաստանի քրիստոնեայ դառնալէն մինչեւ Քաղկեդոնի ժողովի ժամանակաշրջանը. ան յիշեցուց Ֆրանսիս պապին հետաքրքրութիւնը հայութեան նկատմամբ եւ ընդգծեց միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը: Ապա Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար կարդացուեցաւ աղօթք, որուն յաջորդեց «Աւէ Մարիա»ն:
Հայր Տեսթապլ հրաւիրեց ներկաները ծանօթանալու եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած ցուցատախտակներուն, որոնք պատրաստուած են Les Oeuvres d’Orient-ի կողմէ, օժանդակութեամբ՝ Անի եւ Ժան-Փիեռ Մահէի, Ժաննիք Տիւրանի, Ժերար Տէտէեանի, Արմէն Մութաֆեանի, Անահիտ եւ Թալին Տէր Մինասեաններու, Էտմոն Եանըքեանի, Հայր Գաբրիէլ Մուրատեանի եւ վեր. Ժօէլ Միքայէլեանի: Անոնք կը կրէին «Ո՞ւր Է Հայաստանը», «Ո՞վ Են Հայերը», «Նոյ Նահապետ», «Մեծն Ալեքսանտր», «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Քրիստոսի Առաքեալները» եւ այլն:
Նշենք, որ Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 16 Փետրուար: