
Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր եւ Թանգարան
Պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անգելիտիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փետրուար 13-ի առաւօտեան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թանգարանի լրատուական ծառայութիւնը, Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարը յարգանքի տուրք մատուցած է անմեղ զոհերու յիշատակին, այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացած ցուցադրութեան, գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
ՀՑԹԻ հիմնադրամի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան բարձրաստիճան հիւրին յանձնած է Մխիթարեան Միաբանութեան Միաբան Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանի եւ աւստրալահայ Արա Քեթիպեանի կազմած 1890-1922 թթ․ ամերիկեան մամուլին մէջ հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուածներու երկու հատոր: