Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանին Ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

12 Փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը ծանօթացման հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ` ներկայութեամբ դեսպանատան երրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալաւերտեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, Մթայլեպ:

Պատուիրակութեան անդամները ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը իր ճիւղաւորումներով` ըլլան անոնք մարզական թէ սկաուտական:

Դեսպանը բարձր գնահատեց ընդհանրապէս ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը եւ մասնաւորապէս ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 10 Փետրուար 2019-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, եւ որուն անձամբ ներկայ էր յարգարժան դեսպանը:

Հանդիպումը կայացաւ հարազատ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, շեշտը դրուեցաւ յատկապէս յառաջիկային սերտ գործակցութեան վրայ:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ