Երեւանը Յայտնուած է Ամենառոմանթիկ Քաղաքներու Վարկանիշային Ցանկին Վրայ

Այլեւայլ, Հայաստան

ТурСтат վերլուծական գործակալութիւնը իրականացուցած է հարցաշար՝ կազմելու համար ռուս զբօսաշրջիկներու մէջ ԱՊՀ տարածքի եւ մօտակայ երկիրներու ամենառոմանթիկ քաղաքներու վարկանիշային ցանկը, որուն մէջ յայտնուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ռոմանթիկ զբօսաշրջութիւնը կը ներառէ ինչպէս զբօսաշրջութիւններ, այնպէս ալ զոյգերու սեփական նախաձեռնութեամբ առանձին այցելութիւններ հանգստեան օրերուն:

Գործակալութեան տուեալներով՝ ԱՊՀ երկիրներուն մէջ ռոմանթիկ զբօսաշրջութիւնը կը ներառէ աւելի քան 1 միլիոն զբօսաշրջութիւն տարուան ընթացքին:

ԱՊՀ ռոմանթիկ քաղաքներու առաջին հնգեակին մէջ են Թիֆլիսը, Ասթանան, Պաքուն, Մինսկը, Քիշնեւը: Թիֆլիսի օգտին քուէարկած է հարցաշարին մասնակցածներուն 33 տոկոսը, մնացեալները ստացած են 14 եւ 10 տոկոս:

ԱՊՀ-ի ամենառոմանթիկ քաղաքներու վարկանիշային ցանկին վրայ յայտնուած են նաեւ Ալմա-Աթան, Պիշքեկը, Երեւանը՝ ստանալով 5-ական տոկոս ձայն: