Թուրքիոյ Մէջ Մեծ Աղմուկ Բարձրացուցած է Մաքրոնի Ապրիլ 24-ի Վերաբերեալ Որոշումը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Համի Աքսոյը արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի`Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու յայտարարութեան:

Աքսոյ Մաքրոնի որոշումը պայմանաւորած է ներքաղաքական հանգամանքներով, նշելով, որ Մաքրոնը հայ ընտրողներու քուէն ստանալու յոյսով կը փորձէ իրագործել տուած խոստումը՝ հաշուի չառնելով Ֆրանսայի ՍԴ եւ ՄԻԵԴ որոշումներն ու պատմական փաստերը:

«Մտահոգիչ է, որ քաղաքական գործիչ մը, որ անտեղեակ է օսմանեան պատմութենէն, կ՝անտեսէ ֆրանսական եւ եւրոպական իրաւունքը եւ թուրքերուն համար ծայրաստիճան զգայուն համարուող պատմական հարցի մը շուրջ միակողմանի դիրքորոշում կ՝ընդունի` յանուն անձնական, քաղաքական շահի»,- ըսուած է Աքսոյի յայտարարութեան մէջ:

Մամուլի խօսնակը պնդած է, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 500.000-էն աւելի իսլամ սպաննուած է հայ ապստամբներու կողմէն:

Անոր համոզումով` պատմութեան այդ ցաւալի ժամանակաշրջանի լուսաբանման մեծ կարեւորութիւն տուող Թուրքոյ` «Պատմութեան համատեղ յանձնաժողով» հիմնելու առաջարկը դեռ ուժի մէջ է: