Ռիչըրտ Յակոբեան Միջին Արեւելքի Հայկական Երգերու Մասին Պիտի Խօսի Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին, Միջին Արեւելքի ուսմանց ներկայացումներու ծրագիրին եւ Երաժշտական բաժանմունքին միացեալ ջանքերով կազմակերպուած է բանախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին, միջազգային ճանաչում վայելող ուտի վարպետ Ռիչըրտ Յակոբեան պիտի խօսի Միջին Արեւելքի հայկական երգերուն իւրայատկութիւններուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Մարտ 1-ին, երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191):
Փոքր տարիքէն ուտ նուագելու սկսած Յակոբեան արժանացած է շարք մը մրցանակներու եւ դասաւանդած է քանի մը համալսարաններու մէջ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին բազմաթիւ համերգներու մասնակցելու կողքին: Ան հայկական պարեղանակներով 4 ալպոմներ հրապարակած է «Քեֆ Թայմ» ընդհանուր խորագիրին տակ։
Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը:
