Թուրքիոյ եւ Յունաստանի Միջեւ Առկայ Խնդիրները Խաղաղ Ճանապարհով Պիտի Լուծուին. Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս Թուրքիոյ մէջ հանդէս եկած են համատեղ մամուլի ասուլիսով: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով DHA-ը։
Էրտողան յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ առկայ խնդիրները պիտի լուծուին խաղաղ ճանապարհով: Ան նշած է, որ Ցիփրասի հետ քննարկած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցեր.
«Թուրքիան եւ Յունաստանը երկիրներ են, որոնք գիտեն ահաբեկչութեան արիւնոտ դէմքը: Ծայրաստիճան կարեւոր է, որ այս հարցը քննարկուի հարեւանութեան եւ դաշնակցային իրաւունքի ծիրին մէջ: Ստիպուած ենք համատեղ վճռական դիրքորոշում ունենալու ցանկացած տեսակի ահաբեկչութեան դէմ»:
Էրտողան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Յունաստանը պիտի արտայանձնէ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող «Ֆեթթուլլահական կազմակերպութեան» (FETO), «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK), ձախակողմեան «Յեղափոխական ազգային ազատագրական կուսակցութիւն-ճակատի» (DHKP-C) այն ներկայացուցիչները, որոնց ապաստան տուած է:
Էրտողանի խօսքով` Թուրքիան Յունաստանէն կ՝ակնկալէ աւելի շատ փոխգործակցութիւն:
2016 Յուլիս 15-ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք, Յունաստան փախած 8 զինուորականի վերաբերեալ Ցիփրասը ըսած է, որ Յունաստանի դատարանը յստակ որոշում կայացուցած է եւ պէտք է յարգանք ցուցաբերել դատարանի կայացուցած որոշումներուն:
«Այնպէս չէ, որ մեզի համար հաճելի է ընդունիլ յեղաշրջման մասնակիցները: Այնուամենայնիւ, հակուած ենք զօրացնելու մեր համագործակցութիւնը անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու կանխարգելման հարցով»:
