Դաշնակցական Ընկերուհիի Դերի Բարձրացում. Ընկերական Զրոյց
Խաժակ Մկրտիչեան
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի խրախուսէ տարբեր հարթակներու վրայ կանանց առաւել շօշափելի ներկայութիւնը։
ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողով
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմութեան որեւէ ծանօթ չի կրնար ժխտել այն յառաջատար դերակատարութիւնը, որ հայ կինը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդմէջէն, ունեցած է հայ ազատագրական պայքարին մէջ: Մանաւանդ, եթէ առարկայականօրէն նկատի ունենանք կնոջ տեղի ու դերի մասին տուեալ ժամանակին տիրող մտայնութիւնը:
Առանց շատ ծանրանալու անցեալի վրայ, պէտք է նշել, որ քիչ չէ դաշնակցական այն հայուհիներուն թիւը, որոնք իրենց գաղափարակիցներուն կողքին՝ զէնք ի ձեռին մարտնչած են ազատութեան ու արդարութեան համար եւ իրենց արժանաւոր տեղը գրաւած են հայ ազատագրական պայքարի հերոսներու շարքին: Սօսէ Մայրիկ, Ռուբինա ու Խանըմ Ռասդկէլէնեան, պարզապէս ծանօթ անուններն են այն շեշտուած դերին, որ ստանձնած էր հայ յեղափոխական կինը: Ի վերջոյ, հիմք ունէր երգով արտայայտուած այն հաստատումը , որ կ’ըսէր.
Քնքոյշ կեանքը ծանր էր թւում հայ օրիորդին,
Զէնքը ձեռին յորդորում էր հայոց քաջերին:
Նուազ կարեւոր չէր դաշնակցական ընկերուհիի մտաւորական տեղն ու դերը: Իր ժամանակի յառաջադէմ մտաւորական Զապէլ Եսայեան, վայելելով յառաջադէմ մտաւորական դաշնակցականներու աջակցութիւնը, օրին կը բարձրաձայնէր. «Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար։ Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար»։
Իր այս համոզումներուն հաւատարիմ ըլլալով է, որ Զապէլ Եսայեան՝ 1919-ին, մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Խաղաղութեան համար գումարուած խորհրդաժողովներուն։
Մէկ խօսքով, պատմական փաստ է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իբրեւ յառաջադէմ գաղափարական շարժում, միշտ յառաջ անցնելով ժամանակի չափանիշներէն, ընդգծուած կարեւոր տեղ վերապահած է հայ կնոջ, զայն ընդգրկելով ազգային ազատագրական պայքարի, քաղաքականութեան, գրականութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ հասարակական բնագաւառներուն մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, անհրաժեշտ է խոստովանիլ, որ ի տարբերութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական ըմբռնումներուն, տեղ տեղ անհատ դաշնակցականներու ապրած միջավայրերու ազդեցութեան տակ կազմաւորուած որոշ կարծրատիպեր ու մտայնութիւններ բացասական ազդեցութիւն ունեցած են հայ կնոջ դերի սահմանափակման իմաստով:
Ահա այս վերջին իրողութիւնն ալ արժանացաւ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի ուշադրութեան, որ անվարան կ’ընդգծէր. “Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի խրախուսէ տարբեր հարթակներու վրայ կանանց առաւել շօշափելի ներկայութիւնը”։
Ընդհանուր Ժողովի բարձրութենէն արձակուած այս որոշումը ինքնին պարտաւորեցնող է ՀՅԴ կազմակերպական բոլոր մակարդակներու վրայ: Այս որոշումին առաջին ու կարեւորագոյն հասցէատէրը, նոյնիսկ կուսակցական մարմիններէն ու ժողովներէն առաջ, անհատ դաշնակցականն է, որ կոչուած է բոլոր ուժերով լծուելու իր գերագոյն ժողովի որոշումներու գործադրութեան: Այդ որոշումի գործադրութիւնը կը սկսի այն գիտակցութենէն, որ դաշնակցական ընկերուհիի դերի բարձրացումը կը նկատուի իւրաքանչիւր դաշնակցականի ուսերուն դրուած կարեւոր պարտաւորութիւն եւ պէտք է աստիճանաբար հրաժարիլ կնոջ դերը սահմանափակող բոլոր տեսակի կարծրատիպերէ ու անմիջական շրջապատին մէջ, սեփական օրինակով՝ հայ կնոջ մղել քաղաքական ու կազմակերպական կեանքի աւելի աշխոյժ մասնակցութեան: Որովհետեւ, միայն այդ աշխոյժ մասնակցութեան միջոցով կարելի պիտի ըլլայ բարձրացնել դաշնակցական ընկերուհիի տեղն ու դերը:
Կասկած չկայ, որ Ընդհանուր Ժողովը ամբողջովին կը գիտակցի նման որոշումներու գործադրութեան հետ կապուած բարդութիւնները, բայց յառաջադէմ գաղափարական շարժում ըլլալու հանգամանքը, ազգի ամբողջական ներուժի լիարժէք օգտագործման հրամայականը եւ հայ կնոջ դերի բարձրացման նախանձախնդրութիւնը նման որոշում մը կայացնելու կարեւոր մղիչ ուժ կը հանդիսանային: Ուստի, հայ կնոջ դերի բարձրացման կարեւորութիւնը, յաւելեալ շեշտադրումով մը, կը վերահաստատուի ՀՅԴ Գաղափարական կեդրոնացումին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, որ այն պարտաւորեցնող է համադաշնակցական տարողութեամբ, բոլոր շրջաններու համար, որոնք կազմակերպական ապակեդրոնացեալ միջոցներով պիտի լծուին դաշնակցական ընկերուհիի դերի բարձրացման գործին:
