«Առաջադրուած Իւրաքանչիւր «Յանցանք» Ինծի Համար Պատուոյ Շքանշան է». Հայկօ Պաղտատի Դէմ՝ 21 Հետաքննութիւն
Պոլսահայ գրող եւ լրագրող Հայկօ Պաղտատ, որ ներկայիս ապաստանած է Գերմանիա, հրապարակած է Թուրքիոյ մէջ իր դէմ սկսած հետաքննութիւններուն ցանկը։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Դիմատետրի մէջ եղած հրապարակման կից՝ Պաղտատ գրած է․ «Ինչպէս պարզեցինք՝ իմ դէմ սկսած ուղիղ 21 տարբեր հետաքննութիւն կայ։ Երբ երկիրը այս վիճակի մէջ է, առաջադրուած իւրաքանչիւր «յանցանք» ինծի համար պատուոյ շքանշան է․․․»։
Հրապարակուած փաստաթուղթերէն դատելով՝ հայ լրագրողի դէմ յարուցուած հետաքննութիւններէն մէկը կը թուագրուի 2008, մէկը՝ 2009, 5-ը՝ 2017, 10-ը՝ 2018 եւ 2-ը՝ 2019 թուականով։
Հետաքննութիւններէն 4-ը (28/08/2008թ․, 11/05/2009թ․, 30/03/2017թ․, 18/01/2019թ․) դադրեցուած են, 5-ին վերաբերեալ դեռ որեւէ որոշում չէ կայացուած։
Ուշագրաւ է, որ Պաղտատի դէմ սկսած հետաքննութիւններուն մեծ մասը փաստաթուղթերու մէջ բնութագրուած է իբրեւ «մամուլի միջոցով կատարուած յանցագործութեան հետաքննութիւն»։ Այլ խօսքով՝ հայ լրագրողը շուրջ մէկ տասնամեակ քրէական հետապնդման ենթարկուած է պարզապէս լրագրութեամբ զբաղելու պատճառով։
