Սուրիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանը եւ Երկրի Վարչապետը Կարեւոր կը Համարեն Հայ-սուրիական Միջկառավարական Յանձնաժողովի Ձեւաւորումը
Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Գէորգեան, Յունուար 30-ին, հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ վարչապետ Իմատ Խամիսի հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սուրիոյ վարչապետը շնորհաւորած է Տիգրան Գէորգեանը Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան նշանակուելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթած անոր պատասխանատու առաքելութեան մէջ:
Դեսպան Գէորգեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ բարի մաղթանքներուն համար՝ յայտնած է, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին ջանք պիտի չխնայէ հայ-սուրիական բարեկամական յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու եւ խորացնելու համար:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են երկու երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան մակարդակին գծով՝ ընդգծելով յարաբերութիւններու շրջանակը ընդլայնելու համար անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առնչութեամբ, երկուստեք կարեւոր համարած են հայ-սուրիական միջկառավարական յանձնաժողովի ձեւաւորումը: Իմատ Խամիս յայտնած է, որ սուրիական ճգնաժամը աւերիչ հետեւանքներ ունեցած է երկրի տնտեսութեան համար, այդ իսկ պատճառով բարեկամ երկիրներու հետ տնտեսական յարաբերութիւններու խթանումը Սուրիոյ կառավարութեան առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է: Իր կարգին, ՀՀ դեսպանը ընդգծած է, որ Հայաստան պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու բարեկամ Սուրիոյ:
Հանդիպումին աւարտին, Սուրիոյ վարչապետը խնդրած է իր ջերմ շնորհաւորանքները փոխանցել ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ վերանշանակուելուն եւ նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:
