Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանը Հանդիպած է Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Լին Թրէյսիի հետ, որ շուտով կը սկսի իր առաքելութիւնը Երեւանի մէջ:

«Մենք ոգեւորուած էինք դեսպան Թրէյսիի հետ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումին վերաբերող մեր կառուցողական քննարկումներով եւ մենք, իբրեւ հայ ամերիկացիներ, անհամբերութեամբ կը սպասենք դեսպանին ու անոր աշխատակազմին հետ աշխատիլ՝ առաջ մղելու համար մեր ընդհանուր նպատակները»,- ըսած է Ամեիկայի Հայ Դատի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։