Սփիւռքի Գծով Յատուկ Յանձնարարութիւններու Դեսպան Պիտի Նշանակուի

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին  մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպանի պաշտօնը: Դեսպանը պիտի դառնայ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վարչապետի աշխատակազմի ներկայացուցիչը:  Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Քէոլնի հայ համայնքի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով համայնքի ներկայացուցիչներու հարցումներուն:

Վարչապետը նկատեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթները պիտի վերաբաշխուին:

«Օրինակ, սփիւռքի նախարարութիւնը մշտապէս արտերկրի մէջ հայկական կրթօճախներու համար կ՝ուղարկէր դասագիրքեր, բայց Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստումը կ՝իրականացնէր կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը: Եւ մենք շատ յաճախ կ՝ունենանք իրավիճակներ, երբ ուսուցիչները կը վերապատրաստուին նախարարութեան մը ծրագիրին ծիրէն ներս, իսկ դասագիրքեր կը ստանան այլ նախարարութեան մը կողմէն:

Դուրս կու գայ, որ այդ դասագիրքին օգտագործումը եւ ուսուցիչներուն վերապատրաստումը կը դառնան ոչ արդիւնաւէտ:

Կառավարութեան կազմի օպտիմալացման մեր ամբողջ նպատակը հետեւեալն է՝ ամէն գործառոյթով պէտք է զբաղի մէկ մարմին: Կրթութեան հարցով զբաղողը պէտք է ըլլայ ԿԳՆ-ը: Այս հանգամանքներուն բերումով՝ Սփիւռքի մէջ մենք հայկական կրթութեան քաղաքականութիւն մը կը վարենք, իսկ Հայաստանի մէջ՝ այլ: Նոյնն ալ մշակոյթի ոլորտէն ներս»,- նշեց վարչապետը:

Փաշինեան ընդգծեց, որ քաղաքականութեան անկիւնաքարը պէտք է ըլլայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայու ինքնութեան իրար մօտեցնելը:

«Ըստ էութեան մեր պատկերացումը հետեւեալն է՝ Սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթները պէտք է վերաբաշխուին: Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանը ոչ մէկ ընելիք կ՝ունենայ՝ բացի Սփիւռքի հետ կապուած հարցերը հաւաքելէն, լուծումներուն վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացնելէն եւ վարչապետի միջոցով այդ լուծումները իրականացնելէն: Հետեւաբար, մտածած ենք Սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթները տեղաբաշխել ըստ ճիւղային նախարարութիւններու, իսկ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ունենալ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան, որ կ՛աշխատի վարչապետի աշխատակազմին մէջ՝ վարչապետի անմիջական ղեկավարութեամբ»,- յայտարարեց Փաշինեան:

Նոյն հանդիպման ընթացքին Փաշինեան, պատասխանելով Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գծով հնարաւոր փոխզիջումներու մասին հարցումին, յայտնեց,- «Ես Ազգային ժողովի ամպիոնէն քանի մը անգամ յայտարարած եմ եւ ըսած՝ ինչու բոլորը մեզի կը հարցնեն՝ պատրաստ ենք փոխզիջումներու, թէ՝ ոչ: Իսկ ով ըսած է, որ այդ հարցին պատասխանող առաջնային կողմը մենք ենք: Ինչո՞ւ ոեւէ մէկը Ատրպէյճանին չի հարցներ՝ անոնք փոխզիջումներու պատրաստ են, թէ՝ ոչ: Ես քանի մը անգամ ըսած եմ հրապարակային, որ մենք այդ հարցին չենք պատասխաներ այնքան ժամանակ, քանի դեռ Ատրպէյճանը չէ պատասխանած»:

Վարչապետը անդրադարձած է նաեւ հասարակական ցանցերու եւ մամուլի մէջ պարբերաբար յայտնուող այն տեղեկութիւններուն, թէ իբր ԼՂ խնդիրի կարգաւորման հարցին գծով Հայաստանի վրայ ճնշումներ կը գործադրուին:

«Ես օր մը հրաւիրած եմ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը եւ հարցուցած՝ կրնա՞յ մեր վրայ ճնշում գործադրել եւ մենք չ՝անդրադառնանլ: Որովհետեւ այնպիսի տպաւորութիւն է, որ Արցախի խնդրով տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ Հայաստանի մէջ ամենաչտեղեկացուած մարդիկ մենք ենք՝ ես, ապա պարոն արտաքին գործոց նախարարը»,- կատակած է Փաշինեան՝ հերքելով նմանօրինակ լուրերու իսկութիւնը: