Հայաստանի Համար Ժողովրդավարութիւնը Անշրջելի է. ՀՀ Վարչապետը Հանդիպած է ԳԴՀ Խորհրդարանի Նախագահին

Աշխարհ, Հայաստան

Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն այցին ծիրէն ներս, Փետրուար 1-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէին:

Խորհրդարանի նախագահ  Վոլֆկանկ Շոյպլէն նշած է, որ մեծ պատիւ է Գերմանիոյ մէջ հիւրընկալել Հայաստանի վարչապետը եւ քննարկել երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան հարցերը:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները` ընդգծելով, որ 2018 Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններով աւարտած է յեղափոխութեան առաջին փուլը Հայաստանի մէջ, եւ այժմ տնտեսական յեղափոխութեան ժամանակն է: «Հայաստանի համար ժողովրդավարութիւնը անշրջելի է: Քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք պէտք է իրականացնենք տնտեսական փոփոխութիւններ, քանի որ յեղափոխութիւնը յաջողելու յաջորդ կարեւոր բաղկացուցիչը տնտեսական զարգացումն է»,- նշած է վարչապետը:

Զրուցակիցները բարձր գնահատած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան մակարդակը եւ հայ-գերմանական միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ կարեւոր համարած են  միջխորհրդարանական կապերու սերտացումն ու խորացումը: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը կ՝անցի կատարելու լիարժէք խորհրդարանական կառավարման համակարգի, եւ այս առումով Գերմանիոյ՝ իբրեւ կայացած խորհրդարանական աւանդոյթներ ունեցող երկրի փորձը օրինակելի է, իսկ գերմանացի խորհրդարանականներու հետ շփումներու աշխուժացումը՝ կարեւոր։ Վոլֆկանկ Շոյպլէն, իր հերթին, նշած է, որ Հայաստանը կարեւոր գործընկեր է Գերմանիոյ համար, եւ Գերմանիան պատրաստ է կիսուելու խորհրդարանական կառավարման ոլորտէն ներս իր կուտակած փորձով եւ յաջողութիւններով:

ՀՀ վարչապետը եւ ԳԴՀ խորհրդարանի նախագահը քննարկած են Հայաստան-Եւրոմիութիւն փոխգործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները, որ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի  ստորագրումէն ետք նոր փուլ մտած է: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներու մէջ ԵՄ անդամ-երկիրներու կողմէ համաձայնագիրի վաւերացման կարեւորութիւնը:

Կողմերը մտքեր փոխանակած են հայ-գերմանական փոխգործակցութեան յետագայ ընդլայնման, Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման, Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին վերաբերող հարցերուն շուրջ:

Վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատած է 2016-ին ԳԴՀ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւին ընդունումը: