Արցախի Հարցով Հապճեպ Որոշումներ Կայացնել Հնարաւոր Չէ. Թեւան Պօղոսեան
Մեր օրերուն տեղի ունեցող «հիբրիդեան» պատերազմի մէջ պէտք է կարենալ հասարակութեան ներուժը հզօրացնել, ինչպէս նաեւ մեր սեփական մօտեցումները աշխարհին ներկայացնել ճիշդ ձեւով:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է «Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոն»-ի նախագահ Թեւան Պօղոսեան՝ նշելով, որ քանի դեռ պատերազմը չէ աւարտած, հայ ժողովուրդը պէտք է կարենայ ընելիքները ճիշդ ընկալել եւ ծրագրաւորել:
«Տարիներ շարունակ Հայաստանի իշխանութիւնները պարբերաբար կ՝այցելեն եւ պէտք է այցելեն Արցախ՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն՝ նպաստելով Արցախի զարգացման ու հզօրացման: ՀՀ քաղաքական դաշտի ներկայ երիտասարդ գործիչները՝ իրենց ունեցած գիտելիքներով, ունակութիւններով որեւէ ձեւով չեն զիջիր այլոց: Խնդիրը այն է, որ բոլորս ունինք բացեր, եւ պէտք է զանոնք հնարաւորինս կարճ ժամանակի ընթացքին լուծենք: Ուրախ պիտի ըլլամ, որ այսօրուան քաղաքական դաշտի երիտասարդ ներկայացուցիչները եւս պարբերաբար այցելեն Արցախ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանան իրավիճակին: Բայց Արցախի որեւէ պատմամշակութային վայրի մէջ լուսանկարուիլը, դեռ չի նշանակեր ճանչնալ Արցախը: Յատկապէս, հիմնախնդիրին ծանօթ ըլլալու համար, անհրաժեշտ է նախ ուսումնասիրել Արցախի պատմութիւնը, ունենալ հաւաստի տեղեկութիւն, հանդիպիլ տեղի քաղաքական գործիչներու հետ, այցելել գիւղերը, զօրամասերը, շփուիլ հասարակութեան հետ՝ ծանօթանալ անոնց յուզող հարցերուն, խնդիրներուն ու յաջողութիւններուն: Այս ամէնը ընելէ ետք՝ կարելի է վստահ խօսիլ Արցախեան հիմնախնդիրին մասին եւ այս ուղղութեամբ նախանշել յետագայ ընելիքները»,- մասնաւորապէս ըսած է Թ. Պօղոսեան:
Ան նաեւ նշած է, որ արցախեան հիմնահարցը սերունդներու խնդիր է:
«Այս խնդիրին վերաբերեալ ցանկացած լուծում, որ միտուած պիտի ըլլայ խաղաղ կեանք ունենալուն, պէտք է քննարկուի ողջ հայութեան կողմէ, հապճեպ որոշումներ կայացնել հնարաւոր չէ: Արցախեան հիմնախնդիրին շուրջ մենք պէտք է միշտ գործենք միասնական»,- նշած է Թ. Պօղոսեան:
