Արոնեանը Դարձեալ 10-րդն է Աշխարհի Մէջ
Ճատրակի աշխարհի գործող բաժակակիր Լեւոն Արոնեանը կրկին 10-րդն է ՖԻԴԷ-ի դասակարգման աղիւսակին մէջ:
Ճատրակի միջազգային ֆեդերասիոնի, Փետրուար ամսուան դասակարգման աղիւսակին մէջ, Արոնեանը կ՝եզրափակէ լաւագոյն 10-եակը: Առաջին տեղը յայտնուած է աշխարհի գործող ախոյեան Մակնուս Գարլսէնը: Անոր կը յաջորդեն Ֆապիանու Գարուանան, Տին Լիժենը, Անիշ Կիրին, Շախրիեար Մամետեարովը, Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւը, Վիշի Անանտը, Իան Նեբոմնիաշքինը, Ալեքսանդր Կրիշչուկը:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Սարգսեանը 53-րդ, Հրանդ Մելքումեանը` 91-րդ հորիզոնականներուն են:
