ՀՀ Վարչապետի Պաշտօնական Այցը Գերմանիա Կը Սկսի Քէոլն Քաղաքէն
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Գերմանիա կը սկսի Քէոլն քաղաքէն: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Յունուար 30-ի ուշ երեկոյեան վարչապետի ինքնաթիռը վայրէջք կատարած է Քէոլնի «Քէոլնն-Պոնն» օդակայան:
Վարչապետի օրը յագեցած պիտի ըլլայ հանդիպումներով. նախ պիտի հանդիպի KFW դրամատան Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանային տնօրէն Օլաֆ Զիմելգայի հետ, ապա պիտի մեկնի Քէոլնի արհեստագիտական համալսարան, ուր պիտի հանդիպի համալսարանի ղեկավար կազմին հետ: Այստեղ կը նախատեսուի համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրում Քէոլնի արհեստագիտական համալսարանի եւ Հայաստանի ազգային փոլիթեխնիքական ուսումնարանի միջեւ: Համալսարանէն ներս՝ վարչապետը հանդէս պիտի գայ ելոյթով, ապա պիտի պատասխանէ ուսանողներու եւ փրոֆէսըր-դասախօսական կազմի հարցերուն:
Յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Քէոլնի քաղաքապետարանը, ուր, Նիկոլ Փաշինեան պիտի հանդիպի քաղաքապետ Հենրիէթէ Ռեքըրի հետ: Ի պատիւ ՀՀ վարչապետի՝ Հիւսիսային Հռենոս-Վէսթֆալիա երկրամասի եւրոպական եւ միջազգային հարցերով նախարար Շթեֆան Հոլտհոֆ Կերթնըրի կողմէ ճաշ պիտի մատուցուի: Այնուհետեւ Փաշինեան պիտի այցելէ Քէոլնի Մայր տաճար, իսկ աւելի ուշ արդէն պիտի մեկնի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանահայոց թեմի առաջնորդարան: Այստեղ ՀՀ վարչապետը պիտի հանդիպի տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պիտի զրուցէ համայնքին հետաքրքրող հարցերու շուրջ: Նոյն օրը, վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, պիտի մեկնի Պեռլին: Օրուան աւարտին, ան պիտի ընթրէ խումբ մը գերմանացի պատգամաւորներու հետ: Յաջորդ օրը, Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան՝ նախագահ Ֆրանք Վալդըր-Շթայնմայըրի, վարչապետ Անկելա Մերքելի, խորհրդարանի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ: Վարչապետի պաշտօնական այցը Գերմանիա պիտի աւարտի Փետրուար 1-ին:
