Եւրոխորհրդարանը Կուաիտոն Ճանչցաւ Իբրեւ Վենեզուէլլայի Օրինական Նախագահ

Աշխարհ

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները, Յունուար 31-ին, քուէարկած են Վենեզուէլլայի ընդդիմութեան առաջնորդ Խուան Կուաիտոն երկրի ժամանակաւոր օրինական նախագահ ճանչնալու օգտին։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, կը յայտնէ Interfact-ը:

Նման որոշումի մը օգտին քուէարկած է 439 պատգամաւոր, դէմ` 104-ը: 88 պատգամաւոր մնացած է ձեռնպահ: