Արցախի Մէջ Վերաբնակեցման Համար Նոր Կարգ Պիտի Մշակուի
2019-ին, վերաբնակեցման եւ գաղթականութեան քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս, կը նախատեսուի վերաբնակեցման պետական քաղաքականութեան նոր սկզբունքներու մշակում, վերաբնակեցման կազմակերպման եւ իրականացման կարգի ու պայմաններու փոփոխութիւններու իրաւական ամրագրում:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Յունուար 30-ին կայացած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ, ըսած է ԱՀ աշխատանքի, հասարակական հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարար Սամուէլ Աւանէսեան՝ մանրամասնելով, որ կը շարունակուի նոր ընտանիքներու ընդունման, կարգավիճակի եւ սահմանուած արտօնութիւններու տրամադրման գործընթացին համակարգումը:
«Բացի այդ, պիտի իրականացուին պարբերական ստուգումներ՝ բնաւորուած ընտանիքներուն պետական ծրագիրներով տրամադրուող օժանդակութեան հասցէականութեան բարձրացման նպատակով: Պիտի աշխուժացուի հայրենադարձութեան գործընթացը՝ շեշտադրում կատարելով սփիւռքահայութեան հետ կապերու ամրապնդման եւ հայրենադարձութեան գործընթացին մէջ վերջինիս դերին բարձրացման, վերաբնակիչներու հասարակական յարմարեցման ու ընդելուզման ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ վերաբնակ ընտանիքներով համալրուած բնակավայրերու ընկերային-տնտեսական զարգացման հայեցակարգերու մշակման եւ իրականացման վրայ: Պիտի շարունակուին Ատրպէյճանէն բռնագաղթուած, Արցախի մէջ ապաստանած եւ իբրեւ փախստական հաշուառուած անձերու հասարակական խնդիրներու լուծման ուղղուած ծրագիրները: Պիտի շարունակուին նաեւ փախստականի հաշուառման վկայական ունեցող եւ բնակելի շինութիւններու վերակառուցման հետեւանքով վարձակալական հիմունքներով բնակող, ինչպէս նաեւ առաւել ծանր պայմաններու մէջ գտնուող հասարակական առանձին խումբերու պատկանող ընտանիքներու վարձավճարներու փոխհատուցման ծրագիրները»,- ըսած է Ս. Աւանէսեան:
