«Տարածքներ՝ Խաղաղութեան Դիմաց» Բանաձեւը Նոյնիսկ Քննարկել Չենք Կրնար. Փաշինեան

Հայաստան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումները բանակցութիւններ չեն, անոնք ոչ պաշտօնական շփումներ են, որոնց ընթացքին ուղղակի տեղի կ՝ունենայ մտքերու փոխանակում։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, Յունուար 30-ին, լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին՝ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Լրագրողի այն հարցադրման, թէ վերջերս սկսած է շրջանառուիլ այսպէս կոչուած «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» թեզը, ՀՀ վարչապետը պատասխանած է.

«Մենք ընդհանրապէս չենք կրնար նոյնիսկ քննարկել «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը»:

Փաշինեան նկատած է, որ ներկայ կառավարութիւնը ԼՂ կարգաւորման հարցով կը վարէ քաղաքականութիւն, որ նախապէս ոչ մէկ կառավարութիւն վարած է:

«Որեւէ զուգահեռ տանիլը եւ նախապէս վարած քաղաքականութեան հետ ընդհանրութիւն գտնելու փորձերը կատարեալ մոլորութիւն են»,- վստահեցուցած է Փաշինեան:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու կողմէն բանակցութիւնները վերսկսելու ու նոր թափ հաղորդելու նախաձեռնութիւն կա՞յ, Փաշինեան ըսած է,- «Այս հարցը կը գտնուի արտաքին գործոց նախարարներու քննարկման օրակարգին վրայ»: